ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՃԳՆԱԺԱՄ
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ երէկուանդրութեամբ յառաջացաւ ծանրակշիռ ճգնաժամ մը, ինչ որյանկարծ փոխեց նաեւ միջազգային կլիման։ Յետսովետականժամանակաշրջանի ողջ տեւողութեան վերելք արձանագրած Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ հիմա արդէն այնպիսի լարուածութիւն մը յառաջացած է, որ կ՚երեւի Պաղ պատերազմի տարիներէն աւելի բարդ կրնայ համարուիլ։ Սուրիոյ ճգնաժամի մթնոլորտին մէջ թուրք-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած այս տագնապը էապէս կրնայ ազդել տարածքաշրջանային հաւասարակշռութիւններուն վրայ։
Երէկ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ թրքական ռազմաօդային ուժերը ռմբահարեցին ռուսական ռազմաօդանաւ մը։ Ծանօթ է, որ Ռուսաստան վերջին ամիսներուն իր ռազմաօդային զօրքերուն միջոցաւ իրերայաջորդ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Ռուսական կողմի միջամտութիւնը յարաբերաբար դրական գործօն մը դարձած է նաեւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի վարչախումբին տեսակէտէ, որովհետեւ ռուսական զօրքերը ԻՇԻՊ-ին առընթեր չեն խնայեր նաեւ Սուրիոյ ընդդիմադիրները։ Թուրքիա վաղուց անհանգիստ էր այս կացութենէն եւ վերջին օրերուն իր մտահոգութիւնը գագաթնակէտին հասած էր, երբ ռուսական զօրքերը հարուածներ հասցուցած էին նաեւ սահմանամերձ թիւրքմենական գիւղերուն։ Այդ գիւղերուն մէջ խնդրոյ առարկայ չէր ԻՇԻՊ-ի ներկայութիւնը, սակայն թիւրքմենները ընդդիմադիր են Էսատի վարչախումբին։ Այս հանգամանքը կը համարուի առանցքային, որովհետեւ նախապէս ալ ապրուած էին սահմանի խախտումներ ռուսական զօրքերուն կողմէ, սակայն Թուրքիա չէր փոխադարձած այդ ժամանակ նման արմատական ձեւով։ Իսկ երէկ սահմանին վրայ անբաղդատելիօրէն խիստ քայլ մը եկաւ թրքական կողմէն։ Ռուսական SU-24 ռազմաօդանաւը ռմբակոծուեցաւ թրքական Ֆ-16-ի մը կողմէ։ Առաւօտեան ժամերուն ապրուած դէպքէն վերջ ռուս օդաչուները անկարգելով լքեցին օդանաւը, իսկ անոնց օգնութեան մեկնած ռուսական ուղղաթիռ մըն ալ վար առնուեցաւ թիւրքմեն զինեալներուն կողմէ։ Ռուս զինուոր մը մահացաւ։ Այս ամբողջը արդէն ստեղծեց մեծ տակնուվրայութիւն մը։
Թրքական կողմը ամենաբարձր մակարդակի վրայ, թէ՛ քաղաքական եւ թէ զինուորական ղեկավարութեան տուեալներով՝ տեղեկացուց, որ ռուսական ռազմաօդանաւը խախտած էր սահմանը եւ միջազգային յանձնառութիւններու շրջագծով Թուրքիա պաշտպանած՝ իր օդային մարզը։ Իսկ ռուսական կողմը պնդեց, որ իր ռազմաօդանաւը առնուազն մէկ քիլօմեթր խորութեամբ կ՚ընթանար Սուրիոյ կողմէն։ Մատուցուած տուեալներու հակադրութիւնը միեւնոյն ժամանակ վկայութիւնն էր տարաձայնութեան խորութեան։ Անգարայի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ անվտանգութեան հարցին շուրջ։ Թրքական կողմը տեղեակ պահեց ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդն ու ՆԱԹՕ-ն, որու խորհուրդը իրականացուց արտահերթ ժողով մը։ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, իսկ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու նոյնպէս շփման մէջ անցաւ միջազգային յառաջատար դերակատարներու ղեկավարներուն հետ։ Օպամա յայտնեց, որ Թուրքիա ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկ՝ Անգարայի կոչով գումարուած մշտական ներկայացուցիչներու ժողովէն վերջ փոխանցեց զօրակցութեան պատգամ։ Ան տեղեկացուց նաեւ, թէ Թուրքիոյ կողմէ փոխանցուած տուեալները կը համապատասխանեն միւս դաշնակցութիւններուն տուեալներուն։ Միջազգային հանրութեան կողմէ նոյնաժամանակ սկսան հնչել կոչեր՝ որպէսզի Թուրքիա եւ Ռուսաստան լարուածութիւնը թուլացնեն։
Թրքական կողմը աշխարհի նկատառման յանձնեց, թէ ռուսական ռազմաօդանաւը զգուշացուած էր տասն անգամ։ Իսկ ռուսական կողմը հանդէս եկաւ խիստ հակազդեցութեամբ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով ջնջեց այսօր Թուրքիա կատարելիք այցելութիւնը։ Իր կարգին, Նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ Թուրքիան ամբաստանեց ահաբեկիչներու հետ համագործակցութեան մէջ եւ ընդգծեց, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի ազդուին լրջօրէն։
ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՕԼԱՆՏ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՅՍՕՐ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼԸ, ԻՍԿ ՎԱՂԸ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ՝ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ահաբեկչութենէն վերջ Ֆրանսայի ղեկավարութեան որոնումները կը շարունակուին՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այս շրջանին միջազգային գետնի վրայ խտացեալ շփումներ կը ծաւալէ։ Այսպէս, ան երէկ շփումներ ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր Սպիտակ Տան երդիքին տակ հիւրընկալուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ։ Այսօր վերադառնալով Փարիզ Օլանտ Էլիզէի պալատին մէջ կ՚ընդունի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլը։ Իսկ վաղը ան պիտի ուղեւորուի դէպի Մոսկուա՝ Քրեմլինի մէջ տեսակցելու համար Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Մինչ Ֆրանսա թափով յառաջ կը տանի ԻՇԻՊ-ի դէմ հարուածները սաստկացնելու ուղղեալ միջազգային որոնումները, Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցած Օպամա-Օլանտ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յստակօրէն շեշտուեցան ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերուն համապատասխան առաջնահերթութիւնները։ Ամբողջական զօրակցութիւն արտայայտելով Ֆրանսային՝ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ անհրաժեշտութիւն չի տեսներ հակաահաբեկչական նոր միջազգային համախոհութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Օպամայի համոզմամբ, Սուրիոյ իրադրութեան կարգաւորման գլխաւոր պայմաններէն մին կը մնայ «քաղաքական անցումը», այսինքն՝ Պեշար Էսատի գլխաւորած վարչախումբին փոխարինումը։ Սպիտակ Տան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ներկայիս Ռուսաստան եւ Իրան ստեղծած են համախոհութիւն մը, որով կը պաշտպանեն Էսատի վարչախումբը։ Կայ նաեւ Արեւմուտքին համախոհութիւնը։ Անդրադառնալով Ռուսաստանի մասնակցութեամբ համախոհութիւն մը ստեղծելու հեռանկարներուն՝ Պարաք Օպամա ըսաւ. «Մենք արդէն ունինք 65 երկիրներով համախոհութիւն մը, որ վաղուց կը պայքարի ԻՇԻՊ-ի դէմ։ Ռուսաստան առայժմ Իրանի հետ համախոհութեան մէջ է, աջակցելով Էսատին։ Հաշուի առնելով Ռուսաստանի ռազմական հնարաւորութիւնները եւ Էսատի վարչախումբին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը, անոր հետ համագործակցութիւնը չափազանց օգտակար կ՚ըլլայ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալու համար եւ մեր բոլորին թոյլ կու տայ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ԻՇԻՊ-ի վրայ»։ Օպամա յայտնեց նաեւ, թէ ազգերու եւ աշխարհին տեսակէտէ կարեւոր պահ մը կ՚ապրուի։ Ան շեշտեց, որ ԱՄՆ Ֆրանսայի բարեկամն է։ «Մենք երբեք չենք մոռնար, թէ ֆրանսացիները ինչպէս մեր կողքին կանգնած էին Սեպտեմբերի 11-էն վերջ եւ այսօր ալ մենք կը կանգնինք ձեր կողքին», ըսաւ Օպամա Օլանտին, իսկ այս վերջինը մատնանշեց, որ որոշած են ուժեղացնել ԻՇԻՊ-ի դէմ հարուածները Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։
Միւս կողմէ, երէկ ահաբեկչական ծանր դէպք մը ապրուեցաւ նաեւ Թունուզի մէջ, ուր հռչակուած է արտակարգ դրութիւն։ Երէկ պատահած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով մահացան 12 ոստիկաններ, որոնք երկրի նախագահը կը պաշտպանէին։ 17 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ այս ահաւոր յարձակման պատճառով։