ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԻԶԻՔԱՄԱԹԵՄԱԹԻԿԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան յո­բե­լե­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Այս­պէս, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին ա­ռըն­թեր «Ար­տա­շէս Շա­հի­նեան» Ֆի­զի­քա­մա­թե­մա­թի­կա­կան յա­տուկ դպրո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեա­կը։ Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս, մաս­նակ­ցու­թեամբ հոծ թի­ւով հան­դի­սա­կան­նե­րու։

Յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեան ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Սերժ Սարգ­սեան, Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեան, հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէն Հայ­կազ Նա­ւա­սար­դեան, եւ այլք։ Կա­տա­րուե­ցան պար­գե­ւատ­րում­ներ, մինչ գոր­ծադ­րուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր մը։

Յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ այս առ­թիւ մաս­նա­ւո­րա­պէս թո­ղար­կուած ծրար­նե­րուն կնքման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այդ ծրար­նե­րուն վրայ պատ­կե­րուած են Ֆի­զի­քա­մա­թե­մա­թի­կա­կան յա­տուկ դպրո­ցին շէն­քը եւ ա­նոր 50-ա­մեա­կին խորհր­դան­շա­նը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015