ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ վաւերացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան 64-րդ կառավարութեան կազմը, գլխաւորութեամբ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի։ 27 հոգիէ բաղկացեալ կառավարութեան մէջ կը գտնուի հինգ փոխ-վարչապետ. յանձինն՝ Եալչըն Աքտողանի, Նուման Քուրթուլմուշի, Թուղրուլ Թիւրքէշի, Մեհմէտ Շիմշէքի եւ Լիւթֆի Էլվանի։ Սա ԱՔ կուսակցութեան կողմէ կազմուած ութերորդ կառավարութիւնն է, որու շարքերէն ներս Մեւլիւտ Չավուշօղլու եղած է արտաքին գործոց նախարար, Էֆքան Ալա՝ ներքին գործոց նախարար, Պեքիր Պոզտաղ՝ արդարադատութեան նախարար, Նաճի Աղպալ՝ ելմտական նախարար եւ Մահիր Իւնալ՝ մշակոյթի նախարար։
Նախարարաց խորհուրդի կազմէն ներս մնացեալ պաշտօնները բաժնուած են ըստ հետեւեալի.
Սեմա Րամազանօղլու (ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութիւններու նախարար), Վոլքան Պոզքըր (Եւրոմիութեան գծով նախարար), Ֆիքրի Ըշըք (գիտութեան, ճարտարարուեստի եւ փորձագիտութեան նախարար), Սիւլէյման Սոյլու (աշխատանքի նախարար), Ֆաթմա Կիւլտեմէթ Սարը (բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար), Մուսթաֆա Էլիթաշ (տնտեսութեան նախարար), Պերաթ Ալպայրաք (ուժանիւթի նախարար), Աքիֆ Չաղաթայ Գըլըճ (երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար), Ֆարուք Չելիք (գիւղատնտեսութեան նախարար), Պիւլէնտ Թիւֆէնքճի (մաք-սային նախարար), Ճեւտէթ Եըլմազ (զարգացման նախարար), Նապի Ավճը (ազգային կրթութեան նախարար), Իսմեթ Եըլմազ (ազգային պաշտպանութեան նախարար), Վէյսէլ Էրօղլու (անտառներու եւ ջրային միջոցներու նախարար), Մեհմէտ Միւէզզինօղլու (առողջապահութեան նախարար) եւ Պինալի Եըլտըրըմ (հաղորդակցութեան նախարար)։
Երէկ, Էրտողան Նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տավուտօղլուն, որ իրեն պաշտօնապէս ներկայացուց նոր դահլիճին կազմը։ Այս տեսակցութենէն վերջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ կազմուած է նոր կառավարութիւնը՝ Էրտողանի վաւերացման հիման վրայ։ Այս կապակցութեամբ համապատասխան հրապարակումը եղաւ նաեւ Պաշտօնաթերթին մէջ։
Վարչապետ Տավուտօղլու յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը ստանձնած է յառաջիկայ չորս տարիներուն երկիրը դէպի նոր հորիզոն մը տեղափոխելու առաքելութիւնը։ «Սա դժուար պատասխանատուութիւն մըն է, սակայն անոր կողքին կը գտնուի 85 տոկոս մասնակցութեան համեմատութեամբ ընտրութեան մը արդիւնքին տարուած յաղթանակը, իսկ անոր առջեւն է 2023-ի հեռանկարը։ Յառաջիկայ չորս տարիներուն անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի առնենք այն բոլոր նիւթերուն շուրջ, որոնց համար խոստում տուած ենք մեր ազգին», ըսաւ Տավուտօղլու, որ աւելցուց, թէ կառավարութիւնը պիտի ներկայացնէ ազգը, պիտի ծառայէ անոր եւ երկիրը պիտի պատրաստէ յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցուելու։ Տավուտօղլու շեշտեց, թէ բոլոր նախարարները խտացեալ աշխատանքի մը մթնոլորտին մէջ պիտի գտնուին ու պիտի ձգտին մարդու իրաւանց եւ արժանապատուութեան յարիր ժողովրդավարական հասունութիւնով աշխարհին օրինակ հանդիսանալիք երկիր մը կերտելու։