«Տաշիր» Կը Մասնակցի Աշխարհի Ակումբներու Ախոյենութեան
28 Նոյեմբեր-2 Դեկտեմբեր թուականներուն միջեւ, Ուքրայնոյ Խարքով քաղաքի «Լոքոմոթիւ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի խմբային 3-րդ ախոյենութիւնը:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով՝ այս ախոյենութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Տաշիր» ակումբը:
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան յայտնեց, որ հայկական խումբը հանդէս պիտի գայ մարզիչներ Յովսէփ Յովսէփեանի եւ Յաբեթնակ Կուրղինեանի գլխաւորութեամբ:
«Տաշիր»ին մաս կը կազմեն. Նարեկ Խաչատրեան (57 քկ.), Գարիկ Բարսեղեան (61 քկ.), Նարեկ Սիրունեան (65 քկ.), Վալտեր Մարգարեան (70 քկ.), Սուրէն Խաչատրեան (74 քկ.), Վահէ Թամրազեան (86 քկ.), Շամիր Աթեան (97 քկ.) եւ Անդրանիկ Գալստեան (125 քկ.):
Այս ախոյենութեան կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Հայաստանի, Հունգարիոյ, Մոնկոլիոյ, Սիերա Լէոնի, Իրանի եւ Ուքրայնոյ ակումբները:
Նախորդ տարի «Տաշիր» գրաւած էր չորրորդ դիրքը:
Բաց աստի, ախոյեան հանդիսացող ակումբը կը ստանայ 25 հազար ամերիկեան տոլար, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները՝ 15 եւ 10 հազար ամերիկեան տոլար: