ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ե­րե­ւա­նի «Հա­լէպ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան Ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դը Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) ա­ջակ­ցու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պէ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հե­ռան­կար­ներ» խո­րագ­րով հա­մա­ժո­ղով մը: ՀԲԸՄ-ի ե­րե­ւա­նեան մաս­նա­ճիւ­ղի դահ­լի­ճին մէջ, Նո­յեմ­բե­րի 26-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ սոյն հա­մա­ժո­ղո­վը։

Հա­մա­ժո­ղո­վի նպա­տակն է քննար­կել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վի­ճա­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս նկա­տի ու­նե­նա­լով սու­րիա­հա­յու­թեան զան­գուա­ծա­յին ներ­հոս­քը Հա­յաս­տան եւ լու­ծում­ներ գտնել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման խնդիր­նե­րուն: Հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին զե­կոյց­նե­րով հան­դէս կու գան ա­նուա­նի լե­զուա­գէտ­ներ, հա­յա­գէտ­ներ, պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դե­րի մա­սին հա­յաս­տա­նեան կրթա­կան հա­մա­կար­գի, գրա­կա­նու­թեան, գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան, լրա­տուա­կան դաշ­տե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­ցան­ցին վրայ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016