ԳԻՐՔԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Գիրքի երեւանեան փառատօնը (Yerevan Book Fest) հայ ժամանակակից գրականութիւնը ընթերցողին աւելի ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, կ՚ամրացնէ գրող-ընթերցող շղթան, նոր հրատարակութիւններու մասին տեղեկութիւնը առաւել հասանելի կը դարձնէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Գիրքի երեւանեան փառատօնը կազմակերպած է «Միհր» ստեղծագործողներու միութիւնը՝ աջակցութեամբ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան։ Նախագիծը կը յաւակնի բացայայտել տաղանդաւոր սկսնակ գրողները եւ նպաստել անոնց յառաջխաղացման։ Գիրքի տօնավաճառը բաց կը մնայ փառատօնի երեք օրերուն ընթացքին։ Կը մասնակցի 27 հրատարակչութիւն։ Տաղաւարներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ մինչեւ 30 տոկոս զեղչեր։

Եռօրեայ փառատօնին կը մասնակցի գիրքերու ցուցադրութիւն-վաճառք, կ՚ըլլան հանդիպումներ եւ վարպետութեան դասեր, կը յայտարարուին գրականութեան բնագաւառին մէջ մրցոյթի չորս անուանակարգերու յաղթողներու անունները, որոնց գիրքերը կը հրատարակուին։

Գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքով երէկ Հանրապետութեան հրապարակի նախկին Կառավարական երկրորդ տան մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս առթիւ ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան, հրատարակչատուներու ղեկավարներ։

Այսպէս, Ներսէս Տէր-Վարդանեան անդրադարձաւ նախաձեռնութեան նպատակին։ «Այս նախաձեռնութեան նպատակը հրատարակչական շուկային մէջ հրատարակիչ-գրող, գրող-գրական գործակալ, գրավաճառ-ընթերցող համագործակցութիւնը ամրացնելն է։ Ցուցահանդէս-վաճառքին հրատարակիչները գիրքերը կը վաճառեն զգալի զեղչերով։ Փառատօնին գրական գործակալները կը կարողանան գրողներու մէջ գտնել զօրութենականութիւն, ինչ որ հնարաւոր է ներկայացնել արտերկրի մէջ։ Տեղի կ՚ունենան վարպետութեան դասեր, մասնագիտական քննարկումներ։ Կը կարծեմ՝ ընթերցողները զիրենք հետաքրքրող գիրքերը կրնան գնել այստեղ», ըսաւ ան։

«Անտարես» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը։ «Սա հարթակ է, ուր հայ հրատարակիչը եւ հայ գիրքը կրնան պատշաճ հանդէս գալ։ Մենք հնարաւորութիւն ունինք առարկայօրէն ցոյց տալ, թէ ինչ կ՚ըլլայ։ «Անտարես»ը ներկայացուցած է գիրքերու ողջ տեսականին», ըսաւ խմբագիրը եւ յաւելեց՝ ընթերցասէրները  կրնան հանդիպիլ իրենց սիրած գրողներուն՝ Գուրգէն Խանճեանին, Գրիգոր Աճեմեանին, Կրիկին՝ անոնց գիրքերը կրնան իրենց գրադարանները տանիլ զգալի զեղչերով։

«Պուքինիստ»ի տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան շեշտեց, որ գիրքին առընչուող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն հրաշալի է։ Ըստ իրեն՝ մեր երկրին մէջ գիրքի հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն կայ. որքան ուշադրութիւնը շատ ըլլայ, այնքան կը շահին  ընթերցողները։

«Մեր տաղաւարին մէջ ցուցադրուած են միայն մեր հրատարակչութեան գիրքերը։ Ներկայացուցած ենք թէ՛ գեղարուեստական, թէ՛ գիտական գրականութիւն։ Կան ստեղծագործութիւններ, որոնք հրատարակած ենք անգլիական, պելժիական, ռուսական հրատարակչութիւններու հետ համատեղ», ընդգծեց Վարդանեան։

«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Ռոզա Գրիգորեանն ալ  ըսաւ, որ նման միջոցառումները անգամ մը եւս կը կարեւորեն, կ՚արժեւորեն գիրքը, կը խթանեն ընթերցասիրութիւնը։

«Մենք ներկայացուցած ենք «Էտիթ Փրինթ»ի լաւագոյն տեսականին։ Իսկ փառատօնի շրջանակներէն ներս նախատեսած ենք գիրքի շնորհանդէսներ», եզրափակեց Գրիգորեան։

Փառատօնի փակման կ՚ազդարարուին նախապէս յայտարարուած գրական մրցոյթի յաղթողներու անունները։

Մրցոյթը տեղի ունեցած է չորս ուղղութեամբ։ Մըր-ցոյթի դատակազմի անունները գաղտնի պահուած են։ Անոնք գրականութեան ոլորտի արժէքաւոր ներկայացուցիչներ են։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017