ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ՝ ՄԶԿԻԹԻ ՄԸ ՎՐԱՅ. 235 ԶՈՀ

Եգիպտոսի մէջ, հիւսիսային Սինայի նահանգի Արիշ քաղաքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական ահաւոր յարձակում մը։ Այսպէս, Ռաւատա գիւղի մզկիթին վրայ գործուեցաւ յարձակում մը Ուրբաթի աղօթքի ժամանակ։ Դէպքին զոհ գնաց 235 հոգի, իսկ վիրաւորեալներու թիւը կը հասնի 109-ի։

Ուրբաթի աղօթքի ժամանակ մզկիթ ներխուժելով ահաբեկիչները նախ պայթեցուցին ռումբ մը, իսկ աւելի վերջ կրակեցին այն մարդոց վրայ, որոնք կը փորձէին փախուստ տալ մզկիթէն։ Ահաբեկիչները կրակեցին նաեւ վիրաւորեալները փոխադրող շտապօգնութեան մեքենաներուն վրայ, մինչ փորձեցին նաեւ անոնց մուտքը արգիլել դէպի դէպքի վայր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Արիշ քաղաքի 20 քիլօմեթր արեւելքին վրայ կը գտնուի այս մզկիթը, որ կը պատկանի աղանդի մը։

Ուշագրաւ է, որ Եգիպտոսի մէջ վերջին շրջանի ահաբեկչական դէպքերը կը զուգադիպին Ուրբաթ օրուան, երբ երկրի մէջ կ՚ըլլայ արձակուրդ։

Այս դէպքէն անմիջապէս վերջ Եգիպտոսի մէջ հռչակուեցաւ եռօրեայ ազգային սուգ։ Եգիպտոսի նախագահ Էլ Սիսիի գլխաւորութեամբ արտահերթ ժողով մըն ալ գումարեցին երկրի իրաւապահ մարմիններու եւ ուժային կառոյցներու յառաջատար դէմքերը։

Այս դէպքը մէկ կողմէ Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան դէմ լուրջ հարուած մըն է։ Բաց աստի, ըստ մեկնաբաններու, ներկայիս Եգիպտոսի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Պաղեստինի «Համաս» եւ «Ֆեթիհ» շարժումներուն միջեւ։ Եգիպտոսէ ներս տարուած այս բանակցութիւններուն նպատակն է այդ երկու շարժումներուն միջեւ ապահովել համաձայնութիւն մը Պաղեստինի հիմնախնդրին շուրջ։ Մեկնաբաններուն կարծիքով՝ այս յարձակումը կրնայ հետապնդած ըլլայ այդ բանակցութիւնները խափանարարելու նպատակը։ Առայժմ յայտնի չէ, որ այս յարձակումը ի՛նչ պատճառով եւ ո՛ր ուժի կամ ուժերուն կողմէ կազմակերպուած է։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017