ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր։ Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս ստորագրուեցաւ այս կարեւոր փաստաթուղթը։ Սա հայկական դիւանագիտութեան կողմէ ունի շատ մեծ նշանակութիւն եւ պատմական նուաճում մը կը համարուի հայոց նոր անկախութեան ժամանակաշրջանին։ Այս կարեւոր փաստաթուղթը Պրիւքսելի մէջ երէկ ստորագրուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Եւրոմիութեան Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի կողմէ։ Ստորագրման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցած գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ այս փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ եւ այս իրադարձութիւնը արժանացաւ նաեւ եւրոպական ընտանիքի ղեկավարներու անմիջական ուշադրութեան։ 2013 թուականին, երբ Հայաստան որոշած էր անդամակցիլ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան, մինչ այդ Եւրոմիութեան հետ վարուած բանակցութիւններու տրամաբանական շարունակութիւնը խաթարուած էր։ Անցնող ժամանակաշրջանին Հայաստան եւ Եւրոմիութիւնը հնարաւորինս յաջողեցան վերականգնել իրենց յարաբերութիւնը եւ ահա երէկուան դրութեամբ անոնք պաշտօնապէս նոր հարթութեան մը վրայ դրին իրենց համագործակցութիւնը, յաղթահարած ըլլալով նաեւ մօտաւոր անցեալին իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ապրուած ցնցումը։

Պրիւքսելի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը բոլորին տեսակէտէ համատեղ յաջողութիւն մըն է եւ կրնայ դրական նախադէպ մը դառնալ համագործակցութեան այլ ծրագրերու համար։ «Մենք Պրիւքսել ժամանած ենք այն համոզումով, թէ գագաթաժողովը կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ Արեւելեան գործընկերութեան համար։ Հայաստան ի սկզբանէ սատարած է համագործակցութեան այս ձեւաչափին այն գիտակցութիւնով, թէ այս գործընկերութիւնը կոչուած է խթանելու տարածքաշրջանային կայուն զարգացումը եւ հանդիսանալով միաւորող գործօն մը, պիտի ջնջէ բաժանարար գիծերը՝ հիմնուելով մարդու եւ ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքներու վրայ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ։

Երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան միեւնոյն ժամանակ պատասխանեց գագաթաժողովի մասնակիցներէն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հնչեցուած զանազան տեսակէտներու դէմ հայկական կողմի հակափաստարկներուն։

Մատնանշելով, որ Ալիեւ հերթական անգամ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Հայաստանի հասցէին Պրիւքսելի մէջ, Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Որքան որ ալ Ատրպէյճան պատեհ կամ անպատեհ կը փորձէ խեղաթիւրել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ անոր խաղաղ կարգաւորման էութիւնը, միեւնոյնն է, հակամարտութեան կարգաւորումը հիմնուած է միջազգային իրաւունքի երեք սկզբունքներու վրայ։ Այդ սկզբունքներն են՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնիշխանութիւն։ Այս սկզբունքները առաջարկուած են հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղող միջազգային լիազօրութեամբ միակ կառոյցի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կողմէ։ Միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առընչութեամբ արտայայտուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներու ընդունած յայտարարութիւններուն մէջ։ Այս համատեսքին մէջ հակամարտութեան լուծումը առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման պարզապէս անհնար է։

«Կը փափաքիմ նաեւ ընդգծել, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն առանձնայատուկ է իր բնոյթով, էութեամբ ու կարգաւորման հիմքերով եւ այս առումով սխալ են հակամարտութիւնները մէկ ընդհանրութեան մէջ դիտարկելու փորձերը։

«Եւս մէկ նկատում. ՄԱԿ երբեք բանաձեւ չէ ընդունած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման մասով։ 1993 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած չորս բանաձեւերը վերաբերած են Լեռնային Ղարաբաղի հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման. բան մը, որմէ Ատրպէյճան հրաժարած է։ Եւ հիմա՝ 25 տարի յետոյ, խօսիլ այն մասին, թէ Հայաստան իր պարտաւորութիւնները չի կատարեր, կը կարծեմ՝ այժմէական չէ։

«Լիայոյս եմ, թէ Արեւելեան գործընկերութեան տարածքաշրջանէն ներս առկայ հիմնահարցերու կարգաւորումը թոյլ կու տայ աւելի խաղաղ եւ բարեկեցիկ Եւրոպայի մը։ Հայաստան պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան ամրապնդման եւ կայուն զարգացման իր տեսակէտին»։

Պրիւքսելի երէկուան գագաթաժողովին առթիւ, ինչպէս միւս բոլոր մասնակից ղեկավարները, այնպէս ալ Սերժ Սարգսեան դիմաւորուեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի շրջանային նախագահ երկրի՝ Էսթոնիայի վարչապետ Եուրի Ռաթասի կողմէ։ Զանազան երկկողմանի շփումներ ալ ունեցաւ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ, մանաւանդ՝ տեսակցեցաւ Պելժիոյ վարչապետ Շարլ Միշէլի հետ։ Երէկ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կ՚առընչուի զանազան բնագաւառներու եւ ունի բազում երեսակներ՝ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն տեսակէտէ։ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ ընդգծեց, որ 2017 թուականը իսկապէս կարելի է համարել Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու քառորդդարեայ պատմութեան կարեւոր փուլերէն մէկը։ Այս փուլը կը նշանաւորուի Պրիւքսելի գագաթաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումով։ «Սա համընդգրկուն փաստաթուղթ մըն է, որ կ՚արտացոլէ մեր երկկողմանի համագործակցութեան վերջին շրջանի նշանակալի զարգացումները եւ կը սահմանէ անոնց խորացման համար անհրաժեշտ ուղենիշերը։ Այս համաձայնագիրը սոսկ նոր իրաւական փաստաթուղթ մը չէ, այլ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վրայ խարսխուած այն արժեհամակարգի արցոլացումն է, զոր մենք կը դաւանենք։ Համաձայնագրի հիմքին կը գտնուին ժողովրդավարութեան արմատաւորման ուղղեալ զանազան կարեւոր դրութիւններ, ինչպէս նաեւ իրաւունքի գերակայութիւն, արդարադատութեան ամրապնդում, պետական եւ հասարակական հիմնարկներու զարգացում, լաւ կառավարում։ Այս դրոյթներու արդիւնաւէտ կեանքի կոչուիլը կենսական նշանակութիւն ունի մեր երկրին մէջ յետագայ բարեփոխումները յաջողութեամբ իրականացնելու տեսակէտէ», ըսաւ Պրիւքսելի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ փաստաթուղթին մէջ ընդգրկուած նպատակներու ուղղութեամբ գործնական, շօշափելի արդիւնքներու զուգահեռ հետզհետէ աւելցնել Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները։

Ի լրումն այս բոլորին, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ ստորագրեցին նաեւ Անդրեւրոպական փոխադրութեան ցանցի դէպի Հայաստան ընդլայնման վերաբերեալ փաստաթուղթ մը։ ԵՄ-ի յառաջատար դէմքերն ալ երէկ անդրադարձան Հայաստանի հետ ստորագրուած փաստաթուղթի նշանակութեան մասին։ Այսպէս, Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնն ու Հայաստան գործնական քայլերու պիտի ձեռնարկեն համաձայնագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։ Տանըլտ Թուսք, իր կարգին, յաւակնոտ որակեց Հայաստանի հետ ստորագրուած համաձայնագիրը։ Ժան-Քլոտ Եունքէրն ալ ընդգծեց, որ Հայաստանի հետ համաձայնագրի ստորագրումը կը վկայէ Եւրոմիութեան կողմէ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը։ Իսկ Եդուարդ Նալպանտեան համոզուած է, որ ԵՄ-ի հետ համաձայնագիրը ամուր հիմքեր կը ստեղծէ քաղաքական երկխօսութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017