ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԾԻՔԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարեց, որ Լեռնայի Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ պէտք է նկատի առնել տարածքաշրջանի ամբողջ բնակչութեան կարծիքը։ Ռուս դիւանագէտը անդրադարձաւ Երեւանի մէջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի՝ «առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համաձայնութեան որեւէ պայմանաւորուածութիւն հնարաւոր չէ» յայտարարութեան, հաստատած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը անկարելի է լուծել առանց բոլոր շահագրգիռ կողմերու համաձայնութեան: Ըստ անոր՝ պէտք է հաշուի առնել տարածքաշրջանի ամբողջ բնակչութեան կարծիքը:

«Լուծման հիմնական սկզբունքներու բոլոր տարբերակներուն համաձայն՝ գաղթականները եւ տեղահանուած անձերը իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց նախկին բնակութեան վայրերը եւ, համապատասխանաբար, մասնակցելու իրենց ապագայ ճակատագրի որոշման», դիտել տուած է Փոփով՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ» եզրին մէջ կ՚ենթադրուի՞ տարածքաշրջանի ատրպէյճանական բնակչութիւնը:

Անդրադառնալով վարչապետ Փաշինեանի՝ տագնապի բանակցութիւններուն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը մասնակից դարձնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններուն, Փոփով նշած է, որ Ռուսաստանի դիրքորոշումը՝ բանակցային ձեւաչափին վերաբերեալ, միշտ եղած է հետեւողական եւ բազմիցս ըսած են, որ կողմերը իրենք պէտք է համակարգեն եւ որոշեն մասնակիցներուն կազմը: Փոփով, բայց եւ այնպէս, կրկնած է Լաւրովի խօսքերը, թէ բանակցութիւններու վաղ փուլերուն, երբ դադրեցան ռազմական գործողութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղը կը հանդիսանար համապատասխան պայմանագրերու եւ բանակցութիւններու կողմ, որոնք սկսած էին հրադադարի կնքումէն ետք: Այնուհետեւ որոշուած է, որ Երեւանը պիտի ներկայացնէ Ղարաբաղի շահերը: Փոփովի համաձայն՝ եթէ ժամանակի ընթացքին կողմերը համաձայնին ներառել Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները բանակցային գործընթացին մէջ, իրենք կ՚աջակցին նման որոշման:

Բանակցային գործընթացի «արգելակման» յայտարարութիւններուն մասին Փոփով ըսած է, որ Ռուսաստան միշտ ալ աշխոյժ միջնորդական դիրքորոշում ունեցած է եւ որ այս «ձգձգուած հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ կողմերուն աջակցիլը՝ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական անվերապահ առաջնահերթութիւններէն է»:

«Մենք աշխոյժ կերպով կ՚աշխատինք այս ուղղութեամբ։ Ռուսաստանի անմիջական աջակցութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթերուն կարգին է 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը, որ դեռ հիմք կը հանդիսանայ զինադադարի հաստատման համար։ Մեր երկրի միջնորդական ջանքերու ճամբուն վրայ կարեւոր փուլ էր 2008-ին ընդունուած Մոսկովեան հռչակագիրի ընդունումը՝ առաջին եւ առայժմ միակ փաստաթուղթը, որուն տակ ստորագրած են Ատպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները։ Ինչպէս գիտէք, ինքնին Ռուսաստանն էր, որ որոշիչ դեր խաղաց 2016-ին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու հարցին մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գլխաւոր հրամանատարները Մոսկուա հրաւիրելով», ըսած է Փոփով։

Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահը նշած է, որ ընթացիկ տարուան մարտին Վիեննայի մէջ Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու հիման վրայ մշակուած են յստակ առաջարկներ, ուղղուած՝ բանակցային գործընթացի վերսկսման նպաստող մթնոլորտին: Ըստ անոր՝ կան նաեւ լրասփիւռներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները, ու այդ հարցին մէջ յառաջընթաց կայ:

Փոփով նշած է նաեւ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը ժամանակի կը կարօտէր հասկնալու ղարաբաղեան բարդ գործընթացի բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ այս նիւթը քննարկը-ւած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի վերջին այցելութեան ընթացքին։

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի խումբ մը լրագրողներու միջեւ վերջերս փոխանակուեցան այցելութիւններ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 17-21 նոյեմբերին փոխանակուած են այս այցելութիւնները։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ այցելած են Ատրպէյճան։ Ատրպէյճանէն ալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներ այցելած են Հայաստան եւ Արցախ։ Այս ծրագիրը պատրաստուած ու կեանքի կոչուած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի համակարգումով, նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներգրաւումով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019