ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՖՈՆԷԹՈՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը վերջին օրերուն ամբողջ Եւրոպայի մէջ կազմակերպեց հանգանակութիւն մը։ Այս մասին Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-

Այս տարի նոյեմբեր 21-24 թուականներու միջեւ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի 20-րդ ֆոնէթոնը, որու հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստանի, Արցախի բնակչութեանց եւ սուրիահայութեան աղէտեալ հատուածին։

Շնորհիւ աւելի քան 600 կամաւորներու հեռաձայնային կանչերուն՝ այս չորս օրերու ընթացքին խոստումի ձեւով հանգանակուեցաւ 1.23 միլիոն եւրօ Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն եւ Զուիցերիայէն։ Այս թիւը անցեալ տարուան ցուցանիշին բաղդատմամբ թեթեւ՝ 0.8 առ հարիւրի նուազում մը կ՚արձանագրէ։

Շուրջ 370 նոր նուիրատուներ աւելցած են նախորդ տարիներու նուիրատուներուն վրայ։ Այսպէսով նուիրատու ձեռնարկութիւններու եւ ընտանիքներու թիւը կը հասնի 8.300-ի։

Այս գումարները պիտի յատկացուին Հայաստանի եւ Արցախի հեռաւոր գիւղերուն մէջ արեգակնային ուժանիւթի վահանակներու եւ ըմպելի ջուրի համակարգերու հաստատման, Հայաստանի հիւսիսը՝ Տաւուշի շրջանին մէջ գիւղատնտեսութեան եւ հովուութեան զարգացման ծրագրի խթանման եւ հալէպահայ համայնքի փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու վերագործարկման, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան մասնագէտներու վերապատրաստութեան նպատակներուն։

Այս առթիւ «Հայաստան» հիմնադրամը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլոր նուիրատու-րձանագրութիւններու թաքցուելուն։ ագրութիւն կազմելու վերանայման աշխատանքի եզրափակման նտրացուցակներու ամբ։ ուղղութեամբ պէտք է նկատներուն եւ կամաւորներուն եւ կը յիշեցնէ, որ Ֆոնէթոն-2019-ի աւարտէն՝ նոյեմբեր 24-էն ետք ալ կարելի է կատարել նուիրատւութիւններ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019