ՑԱՆԿԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի կանոնադրութիւնով նախատեսուած հունին մէջ։ Մինչ նախընտրական գործընթացի ժամացոյցը կը բանի, երէկուան օրը արդէն բնորոշեց կարեւոր հանգրուան մը։ Այսպէս, երկու շաբթուան վերանայման գործընթացէ մը վերջ, մեր եկեղեցիներու տարածքներէն ներս ներկայացուած ընտրացուցակները յանձնուեցան Նախաձեռնարկ մարմնին։ Սա կը նշանակէ, որ ընտրողներու ցանկերը արդէն պատրաստ են։ Նախաձեռնարկ մարմինը յառաջիկայ օրերուն համապատասխան վերջնական կարգադրութիւնները պիտի ընէ այս ուղղութեամբ։

Ընտրութեան երկու թեկնածուներու շրջանակները միանշանակ մօտեցում չեն ցուցաբերեր այս փուլին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ գլխաւորուած նարնջագոյն ցանկը, ըստ էութեան, որեւէ առարկութիւն չունի կատարուած աշխատանքին շուրջ։ Իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժման շրջանակները կը տեղեկացնեն, որ բազմաթիւ կարգազանցութիւններ եւ անօրէնութիւններ տեղի ունեցած են ընտրացուցակներու վերանայման աշխատանքներուն ընթացքին։ Առկայ խնդիրները, ըստ էութեան, կը վերաբերին՝ առանց անհրաժեշտ փաստաթուղթերու նոր ընտրողներու արձանագրման, կարգ մը թաղերու մէջ առանց արձանագրութիւն կազմելու վերանայման աշխատանքի եզրափակման եւ կատարուած յաւելեալ արձանագրութիւններու թաքցուելուն։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019