ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երեւանի մէջ այսօր յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս ձեռնարկը նախատեսուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս։ «Հնդկահայ գաղութը եւ հայոց մարդասիրական ճեմարանը» խորագրեալ ձեռնարկի ընթացքին բանախօսութիւնով մը հանդէս կու գայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան, որ երկար տարիներ դասախօսած է յիշեալ ճեմարանէն ներս։

Այս դասախօսութեան զուգահեռ Հայաստանի Ազգային  գրադարանի փոքր ցուցադրասրահին մէջ կը բացուի գրականութեան ցուցադրութիւն մը։ Գրադարանի անձեռնմխելի գրականութեան բաժնէն ներս ի պահ դրուած նմոյշներ կը ներկայացուին այս առթիւ։ Ժամանակին Կալկաթայի մէջ գործած տպարաններու կողմէ տպագրութիւնը իրականացուած աւելի քան 30 հրատարակութիւն՝ գիրքեր կամ ամսագրեր այցելուներու տրամադրութեան տակ կը դրուին յոբելենական ներկայ փուլին։ Անոնց շարքին կը գտնուի նաեւ «Հայկական մարդասիրական ճեմարանի» տպարանը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021