ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՄԱՏՆՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը կը շարունակէ լայն արձագանգ գտնել հայաշխարհէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի ժուռնալիստներու (լրագրողներու) միութիւնը նախընթաց օր հանդէս եկաւ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը, որով մտահոգութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փակման վտանգի դէմ յանդիման մնացած ըլլալուն բերումով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք պաշտօնական յայտարարութեան բնագիրը։

*

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւնը (ՀԺՄ) խորապէս անհանգստացած է Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի՝ հոկտեմբերի 28-ին՝ թերթի տարեդարձի առթիւ հրատարակուած խմբագրականով, ուր ահազանգ հնչեցուած է, որ թերթը կանգնած է փակման վտանգի առջեւ։

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւնը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ այս առընչութեամբ. սա խորապէս անհանգստացնող երեւոյթ մըն է աշխարհի հայկական բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու գործունէութեան համար։

Արագօրէն փոփոխուող մեր աշխարհին մէջ շատ են ժամանակաւոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, այս պահուն՝ յատկապէս Քովիտ-19-ի համաճարակով պայմանաւորուած։

Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրականէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ իսթանպուլահայերու շրջանակէն ներս կան նաեւ ներքին բարդ իրավիճակներ, սակայն, թէ՛ վերը նշուածը եւ թէ այս հանգամանքը ժամանակաւոր դժուարութիւններ են եւ պէտք չէ հայ իրականութենէն գողանան մշտական արժէք մը, ինչպիսին է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ, անշուշտ, չէ աւարտած գնահատելի իր առաքելութիւնը սփիւռքահայ հասարակութեան շրջանակէն ներս։

Յոյս ունինք, թէ սփիւռքահայ եւ Հայաստանեան գործարար, հասարակական, բարեգործական շրջանակները ձեռք կը մեկնին եւ կ՚աջակցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ յաղթահարելու այս դժուարութիւնները։ Անբեկանելի է, որ օրաթերթի շարունակականութիւնն ու յարատեւութիւնը պէտք է երաշխաւորուի աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան հասարակական կարծիքի առողջ եւ համակողմանի ձեւաւորման տեսանկիւնէն։

Աւելորդ չէ նշել, որ Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան անդամ է եւ ՀԺՄ իր գործընկերային համերաշխութիւնը կը յայտնէ խմբագրին ու յոյս կը յայտնէ, թէ ստեղծուած խնդիրը շուտով իր լուծումը կը ստանայ՝ յօգուտ օրաթերթի յետագայ գործունէութեան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՒՌՆԱԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021