ՁԻՒՆԱՀԱԼ ՈՒ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխան Էլ Նահիանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ամենաբարձր արարողակարգով, մեծ պատիւներով դիմաւորուեցաւ հիւր գահաժառանգը։ Սա Էրտողանի եւ Էլ Նահիանի 9 տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին դէմ յանդիման հանդիպումն էր։ Արդարեւ, ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր առկայ էր ցրտութիւն մը։ Վերջին շրջանին շարք մը իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ յաղթահարուած են այդ ժխտական գործօնները, ինչ որ ձիւնահալ մը ապահոված է կողմերուն միջեւ եւ բացած՝ համագործակցութեան նոր հորիզոններ։

Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ ստորագրուեցաւ 10 փաստաթուղթ։ Ուժանիւթէ եւ բարձր թեքնոլոժիներէ սկսեալ, մինչեւ հաղորդակցութիւն ու գիւղատնտեսութիւն՝ բազմաբնոյթ բնագաւառներու կը վերաբերին այդ փաստաթուղթերը, որոնց հիման վրայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 10 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակով ներդրում մը պիտի կատարէ Թուրքիոյ մէջ։

Այս իրադարձութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի, երբ մանաւանդ թրքական արժոյթը լուրջ անկում կ՚ապրի տարադրամի դիմաց։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021