ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՇՓՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան-Լաւրով զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի զանազան երեսակները։ Կարեւորուեցաւ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ տեւական ու համապարփակ կարգաւորումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ։ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ իրականացուած վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Ան կարեւորեց հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու դերը՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերու համատեսքին մէջ։ Նախարարները քննարկեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։

Արարատ Միրզոյեան Ամիր Ապտուլլահիանի հետ ալ քննարկեց տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարները շօշափեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ նիւթեր։ Միրզոյեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ատրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ վերջերս կատարուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի հերթական յարձակումը լուրջ սպառնալիք մըն է տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն։ Միրզոյեան բարձր գնահատեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը։

Նախարարները կանգ առին նաեւ Երեւան-Թեհրան բազմաոլորտ համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցերու վրայ։ Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին ջանքեր գործադրելու համար յարաբերութիւններու ապագայ խորացման ուղղութեամբ։ Կարեւորուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ փոխադարձ այցելութիւններու իրականացումը։

Միրզոյեան եւ Ապտուլլահիան կարծիքներ փոխանակեցին առեւտրատնտեսական, ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի ոլորտներէ ներս կապերու ընդլայնման շուրջ։ Կարեւորուեցաւ «Պարսից ծով-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրութեան միջանցք մը ստեղծելու մասին բազմակողմանի համաձայնագրի ուղղութեամբ նպատակաուղղուած աշխատանքներու իրականացումը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021