ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, փոխ-վարչապետի պաշտօնին կոչուեցաւ Համբարձում Մատթէոսեան։ Այս վերջինը մինչ այդ Արմաւիրի մարզպետի պաշտօնը կը վարէր։ Այս առաւօտ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովին ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նորանշանակ փոխ-վարչապետը պաշտօնապէս ներկայացուց նախարարաց խորհուրդի միւս անդամներուն։

Տակաւին անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակման զուգահեռ՝ այժմ արդէն նախկին պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի փոխարէն այդ պաշտօնին գլուխ բերուած էր Փաշինեանի վստահելիներէն Սուրէն Պապիկեան։ Նկատի ունենալով, որ այս վերջինը փոխ-վարչապետ էր՝ անոր պաշտպանութեան նախարար նշանակումով այս անգամ թափուր մնացած էր փոխ-վարչապետի աթոռը։ Ուստի, Համբարձում Մատթէոսեանի փոխ-վարչապետ նշանակումով կառավարութեան կազմէն ներս թափուր աթոռ չմնաց։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021