ՓՈՒԹԻՆ-ՄԻՇԵԼ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անոնք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։ Շարլ Միշելի խնդրանքին ընդառաջ, Վլատիմիր Փութին տեղեկացուց Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման նպատակով ձեռնարկուած քայլերուն մասին՝ ներառեալ խաղաղ կեանքի հաստատումը, տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու վերականգնումը Հարաւային Կովկասէ ներս։

Կը նախատեսուի, որ այս հարցերը քննարկուին նաեւ վաղը Սոչիի մէջ նախատեսուած Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ գագաթաժողովին ընթացքին։

Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում մըն ալ նախատեսուած է դեկտեմբերի 15-ին, Պրիւքսելի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021