«ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան երէկուան ժողովի սկիզբին ունեցած ելոյթին ժամանակ մանրամասնութիւններ հաղորդեց՝ նախօրէին Երեւանի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած տեսակցութեան շուրջ։ «Լուրջ հնարաւորութիւն կրնայ ըլլալ՝ Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Սատարաք-Երասխ երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքները սկսելու համար», ըսաւ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ Փութինի հետ բանակցութիւններու ժամանակ դրական ազդակներ ստացած է այս կապակցութեամբ։ «Նախորդ դառն փորձառութիւնը հաշուի առնելով՝ հիմա կ՚ուզեմ տեղեկութիւնը բաժնել, բայց ըսել, որ այս բոլորը տակաւին պէտք է վերահաստատուի եւ արձանագրուի։ Բայց լաւ է, որ մենք ելմտական հնարաւորութիւններու խնդիր չենք ունենար», շարունակեց Փաշինեան։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման նիւթը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման միւս խնդիրները շատ զգայուն են։ «Յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելէ առաջ անտեղի կը համարենք մեկնաբանել կողմերու դիրքորոշումները», ըսաւ Զախարովա՝ շաբաթական հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։ Ան ընդգծեց կողմերու միջեւ գոյացած բոլոր համաձայնութիւններու կատարման եւ իրավիճակը սրելէ խուսափելու կարեւորութիւնը։ Ըստ բանբերին, Մոսկուայի եւ կողմերու հետ տեղի ունեցած բոլոր շփումներուն ժամանակ, ի թիւս այլ հարցերու, կը քննարկուին խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022