ԻԿՈՐ ԽՈՎԱԵՒԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին կարծիքի հանգամանալից փոխանակումներ տեղի ունեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման ուղղեալ բանակցային գործընթացին շուրջ։

Խովաեւի Պաքուի այցելութիւնը յաջորդեց՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Երեւան տուած այցելութեան։ Ռուս դիւանագէտի Պաքու այցելութեան ընդառաջ, Արցախի ռուսական խաղաղապահ զօրքերը տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներ կատարուած են։ Վերջին օրերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ալ հրադադարի խախտումները խտացած են։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իրերայաջորդ կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կը թիրախաւորեն հայկական պաշտպանութեան դիրքերը։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ներկայիս կ՚այցելէ Պաքու։ Իր շփումները կը յաջորդեն Խովաեւի այցին։ Ան տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ կ՚ունենայ կարեւոր հանդիպումներ։ Թոյվօ Քլաար մօտաւոր անցեալին այցելած էր Երեւան։ Անցեալ սեպտեմբերին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած յարձակումէն անմիջապէս վերջ ալ մեկնած էր Պաքու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022