ՄԱՀ՝ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Լիբանանահայութեան խորհրդանշական դէմքերէն, տիրական անուններէն մին էր Ժիրայր Դանիէլեան, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ժամանակ վնասուած աչքին դարման փնտռելու համար միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր ԱՄՆ-ի մէջ։

Ժիրայր Դանիէլեան իսկական հեղինակութիւն մըն էր հայագիտութեան մարզին մէջ։ Հայերէնին խորաթափանց տիրապետելու առընթեր, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մարզերուն մէջ ունէր ծով պաշար։ Հաղորդական ու մատչելի ոճով անձնաւորութիւն մըն էր՝ մանաւանդ, որ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներու մասնակիցներուն տեսակէտէ միշտ հաճելի էր զինքը ունկնդրել։ Ի լրումն այս բոլորին, Ժիրայր Դանիէլեան մեծ մասնագէտ մըն էր նաեւ հայ մամուլի։ Պէյրութի մէջ խմբագրած էր զանազան պարբերականներ, գիրքեր։ Մինչեւ վերջերս իր իսկ հիմնադրած «Կամար» հանդէսը կը մնար պատնէշի վրայ։

Մտաւորական գետնի վրայ ծաւալած գործունէութեան առընթեր, Ժիրայր Դանիէլեան երկար տասնամեակներ անփոխարինելի ծառայութիւն մատուցած էր նաեւ որպէս կրթական մշակ։ Երկար տարիներ եղած էր տնօրէնը՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանին։

Վերջին տարիներուն ստանձնած էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայագիտութեան գրասենեակի վարիչի պաշտօնը։

Ժիրայր Դանիէլեանի կորուստը իսկապէս ծանրակշիռ է, որովհետեւ ան կը պատկանէր սերունդի մը, որու հասցուցած մեծութիւններու եւ արժէքներու յաջորդները այժմ դժբախտաբար անկարելի է գտնել սփիւռքի մէջ։

Բի՜ւր յարգանք ու խոնարհում իր վաստակին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022