ՇՐՋԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՓՈՒԼ

Թուրքիա այս շրջանին Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ նոր էջ մը բանալու ուղղութեամբ կ՚ընթանայ։ Սա շրջադարձային փուլ մըն է, որ թրքական դիւանագիտութեան առջեւ նոր հորիզոններ կրնայ բանալ թէ՛ Միջին Արեւելքի կտրուածքով եւ թէ՛ ընդհանրապէս միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, Անգարա յաջողած է յարմար պահ մը գտնել՝ Գահիրէի եւ Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առումով։ Մօտաւոր անցեալին Թուրքիա այս երկու երկիրներուն հետ տագնապալի ժամանակաշրջաններ դիմագրաւեց։ Խնդիրները ունէին խորքային բնոյթ ու տեւեցին բաւական երկար։ Ներկայիս, Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումները կը վկայեն, թէ Գահիրէի ուղղեալ քայլերը արդէն որոշ չափով հասունցած են՝ մինչ Դամասկոսի պարագան տակաւին որոշ ժամանակի մը կը կարօտի։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն միջազգային հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեռնուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Այդ ձեռնուիլը զուտ արարողակարգային նշանակութենէն շատ աւելի իմաստ մը ունէր։ Նախագահ Էրտողան վերջին օրերուն, միեւնոյն ժամանակ, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի պարագային ալ յարաբերաբար աւելի մեղմ ոճով արտայայտուեցաւ։ Իր կողմէ տրուած պատգամները արդէն կու գային ամենաբարձր մակարդակի վրայ ապացուցանել քաղաքական կամքը՝ այս երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու մէջ նոր սկիզբ մը ապահովելու առումով։

Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ արդէն գործնականօրէն ուրուագծուած է յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ճանապարհային քարտէս մը։ Ի շարունակութիւն նախագահներու ձեռնուելուն՝ կ՚ենթադրուի, որ յաջորդ քայլը ըլլայ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ պաշտօնական հանդիպում մը։ Աւելի վերջ երկու երկիրները փոխադարձաբար պիտի նշանակեն դեսպաններ։ Քաղաքական ու դիւանագիտական հարթութեան այս նախաձեռնութիւններուն առընթեր, կողմերը որդեգրած են նաեւ Թուրքիա-Եգիպտոս առեւտուրը խթանելու նպատակը։ Լիարժէք բնականոնացման զուգահեռ՝ կ՚ակնկալուի նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուի ուժանիւթի այն համաձայնագիրը, որուն վրայ նախապէս համատեղ մանրամասն աշխատանք ծաւալուած էր։

Ըստ իրաւասուներուն, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ հաւանաբար ծովային իրաւասութեան գօտիներուն շուրջ ալ համաձայնագիր մը ստորագրուի։ Այդ պարագային Արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ Յունաստանի դիրքերը կրնան բաւական տկարանալ։

Անգարա-Գահիրէ բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ ամենանուրբ խնդիրը կը վերաբերի Լիպիոյ։ Արդարեւ, Թուրքիա եւ Եգիպտոս Լիպիոյ պարագային տարբեր ճամբարներու մէջ կը գտնուին, Լիպիայէ ներս երկու տարբեր կողմ կը պաշտպանեն։ Այս բոլորը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու ուղղեալ այժմու գործընթացին տեսակէտէ բաւական խնդրայարոյց վիճակ մը կը ստեղծէ։ Հաւանական է, որ կողմերը յառաջիկայ օրերուն Լիպիոյ պարագան ձեռք առնեն՝ որպէս առանձին գլուխ։ Թուրքիոյ մօտեցումը այն է, որ յառաջիկայ շրջանին Լիպիոյ մէջ նախատեսուած է ընտրութիւն, որու արդիւնքին յարգանք պիտի ցուցաբերուի նաեւ Եգիպտոսի կողմէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022