ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որուն զուգահեռ նշուեցաւ նաեւ մեր համայնքի երէց սերունդէն տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ծննդեան 98-րդ տարեդարձը։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ, ուր ներկայացուեցաւ «Teşhiste Temel Bilgi - Propedötik» գիրքը, որ բժշկական աշխարհին տեսակէտէ մեծ արժէք կը ներկայացնէ։ Տոց. Վահէ Ալիքսանեան համահեղինակն է այս գործին, որ լոյս տեսած է «Ֆիլիզ» հրատարակչատունէն։ Գիրքի այժմէականացուած տարբերակին խմբագիրը եղած է փրոֆ. Չեթին Քարաճա, որ երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Վահէ Ալիքսանեան։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր գործակից ընկերները, զանազան մասնագէտ բժիշկներ, Վահէ Ալիքսանեանի սաները, Ազգային հիւանդանոցի բժշկական կազմէն ներկայացուցիչներ, համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր, նաեւ Վահէ Ալիքսանեանի հարազատները։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին հատուեցաւ Վահէ Ալիքսանեանի տարեդարձին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը՝ մինչ բոլորը իրեն յղեցին բարեմաղթութիւններ։

Հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Ասլանեանն ալ ծաղկեփունջ մը նուիրեց մեծարեալ բժիշկին եւ կողակցին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022