ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախագահ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ ջանք գործադրել՝ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան վերջ տալու առաջադրութեամբ։ Թրքական կողմը միշտ հետամուտ է հաշտութեան գործընթացներուն նըպաստել։ Էրտողան եւ Փութին կանգ առին նաեւ Անգարա-Մոսկուա առեւտուրի ծաւալի ընդլայնման եւ այլ բազմաթիւ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վրայ։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Էրտողան եւ Փութին անդրադարձած են նաեւ միջազգային օրակարգի շարք մը խնդիրներու։

Միւս կողմէ, նախագահներու զրոյցին զուգահեռ՝ շաբաթավերջին հեռաձայնով տեսակցեցան նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով։

ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով՝ Հաքան Ֆիտան-Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի օրակարգին եւ տարածաշրջանային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։

Անգարա-Մոսկուա առանցքի այս բարձր մակարդակի շփումները զուգադիպեցան այն ժամանակաշրջանին, երբ միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, թէ Ուքրայնայի դէմ պատերազմի գծով Ռուսաստան վերջին շրջանին յաջողած է վերանուաճել՝ նախապէս կորսնցուցած Քուրսքի կարեւոր մասը։ Տեղական աղբիւրները Էրտողան-Փութին զրոյցին կ՚անդրադառնան խաղաղութեան որոնման շեշտադրումով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024