ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ Անգարա մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Կովկասէ ներս հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու միաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջագծով Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի հետ հրադադարի վերջ տրուելուն։ Ըստ թերթին, թուրք իրաւասու մը յայտնած է, որ Ռուսաստան եւ Հայաստան պէտք է խուսափին այնպիսի նախաձեռնութիւններէ, որոնք Կովկասէ ներս կրնան վտանգել տարածքաշրջանի խաղաղութիւնը։ Թրքական կողմը կը շարունակէ համոզուած մնալ, թէ Կովկասի մէջ բարիդրացիական յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան ի զօրու։ Յիշեալ իրաւասուն «Հիւրրիյէթ»ին տուած յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշած է նաեւ հետեւեալը.
«Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր Հայաստան Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը եւ շրջապատը, հետեւաբար Ատրպէյճանի տարածքի շուրջ 20 տոկոսին համապատասխանող շրջան մը կը պահէ բռնագրաւման տակ։ Հայաստան կ՚անտեսէ այս բռնագրաւման վերջ տալու ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կոչերը, ՄԱԿ-ի գլխաւորութեամբ։ Այս հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը պէտք է արագացուի եւ Հայաստան պէտք է ետ քաշուի իր բռնագրաւած շրջաններէն։ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բարձրացած աշխուժութիւնն ու կորուստները կը մատնանշեն, որ բախումներու ռիսքը կը բարձրանայ։ Մենք այս խնդիրին կապակցութեամբ կը պահենք մեր մօտեցումը խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ»։