ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ՊԱՂՏԱՏԻՆ

Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը այս շրջա­նին կը շա­րու­նա­կեն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ Ա­րա­բա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու լի­կան ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Ի­րա­քին՝ Թուր­քիոյ հետ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Ծա­նօթ է, որ Ի­րա­քի հիւ­սի­սին Թուր­քիոյ կող­մէ մարզ­ման նպա­տա­կով կու­տա­կուած զօր­քե­րը լա­րուա­ծու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած էին եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։ Այդ ճգնա­ժա­մը ու­նէր նաեւ Ան­գա­րա-Մոս­կուա լա­րուա­ծու­թեան վրայ ե­րե­սակ­ներ։ Խնդի­րը ե­կած էր ՄԱԿ-ի օ­րա­կար­գին վրայ։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով Թուր­քիա ար­դէն ետ կը քա­շէ խնդրոյ ա­ռար­կայ իր զօր­քե­րը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015