ԲԱԶՄԱՊԱՏԿԵԼ ՋԱՆՔԵՐԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարի անհրաժեշտ է բազմապատկել ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Աւանդական դարձած այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ նախարարութեան անձնակազմը։ Նախարար Նալպանտեան այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեան կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Սերժ Սարգսեանն ալ հանդէս եկաւ հակիրճ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շրջագծով անցեալ տարի դժբախտաբար յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, ըստ Սերժ Սարգսեանի, բանակցային գործընթացը կը շարունակուի եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է յաջորդ տարի բազմապատկել ջանքերը։ Սերժ Սարգսեանի այս արտայայտութիւնները զուգադիպեցան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ապագային շուրջ ստեղծուած է բաւական յոռետես մթնոլորտ մը։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ։ Մոսկուա համոզուած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդական գործունէութիւնը պիտի շարունակուի եւ բաց աստի ռուսական կողմը նախկինին նման ինքնուրոյն ջանքեր պիտի գործադրէ՝ որպէսզի օգնէ հակամարտ կողմերուն փոխզիջումներ իրականացնելու համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած մօտեցումներուն հիման վրայ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մեկնաբանեց անցեալ շաբաթավերջին Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը՝ Պեռնի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակութեամբ տեղի ունեցած գագաթաժողովը։ Ան յիշեցուց, թէ նախագահներուն հանդիպումը կայացաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Ռուս բանբերին խօսքերով, թէեւ կարգաւորման գործընթացէն ներս նուաճում մը չարձանագրուեցաւ, սակայն նախագահները հնարաւորութիւն ունեցան անմիջական զրոյց մը իրականացնելու, քննարկելու բանակցային սեղանին վրայ դրուած առաջարկները եւ յստակեցնելու վիճելի հարցերու շուրջ իրենց դիրքորոշումը։ Զախարովա ընդգծեց, որ այս հանդիպումը հաստատած է ԵԱՀԿ-ի Մինքսեան խմբակի ձեւաչափով աշխատանքը շարունակելու ուղղութեամբ շահագրգռուածութիւնը։
«Բնականաբար քննարկուած է անբաւարար իրավիճակը, որ ստեղծուած է սահմանին եւ շփման գծին վրայ։ Ռուսական կողմը դրական կը մօտենայ բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան շարունակման, ինչ որ ուղղուած է հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորելու», ըսաւ Մարիա Զախարովա, որու խօսքերով՝ Պեռնի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովը կարգաւորման գործընթացէն ներս որոշակի փուլ մըն էր եւ այդ փուլը սկսած էր Սոչիի մէջ ու շարունակուած՝ Ուելսի եւ Փարիզի մէջ։