ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի մե­ծա­նուն աստ­ղը՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան մաս կազ­մեց 2015 թուա­կա­նի լա­ւա­գոյն հա­րիւր ֆութ­պո­լիստ­նե­րու ցան­կին։ Անգ­լիա­կան «The Guardian» պար­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կեց ֆութ­պո­լի մէջ այս տա­րուան լա­ւա­գոյն­նե­րուն ցու­ցա­կը, ո­րու մէջ 77-րդ կար­գը զբա­ղե­ցուց Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան, որ մաս կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նին եւ «Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ»ի մար­զա­շա­պի­կով հան­դէս կու գայ Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Թէ՛ Պուն­տես­լի­կա­յին եւ թէ եւ­րո­պա­կան բա­ժակ­նե­րու խա­ղար­կու­թեան շրջագ­ծով ան վեր­ջին շրջա­նին հան­դէս կու գայ գե­րա­զանց։

Հարկ է նշել, որ այս ցան­կը աշ­խար­հի 49 եր­կիր­նե­րէ 123 մաս­նա­գէտ­նե­րու աշ­խա­տան­քով պատ­րաս­տուած է։

Բաց աս­տի, գեր­մա­նա­կան «Bild» թերթն ալ գրեց, թէ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան մօտ է եր­կա­րաձ­գե­լու իր պայ­մա­նա­գի­րը «Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ»ի հետ։ Գեր­մա­նա­կան ա­կում­բի մար­զա­յին տնօ­րէն Մի­խա­յէլ Ցորք վեր­ջերս բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րած է Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նին հետ։ Թեր­թը կը գրէ, որ ի սկզբա­նէ կող­մե­րուն մօտ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ չեն ե­ղած նոր պայ­մա­նագ­րի պայ­ման­նե­րուն շուրջ։ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի գոր­ծող պայ­մա­նա­գի­րը թէեւ պի­տի ա­ւար­տէր 2017 թուա­կա­նին, սա­կայն ա­ւե­լի ա­ռաջ յայտ­նի դար­ձած է, որ 26-ա­մեայ կի­սա­պաշտ­պա­նին նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ Ֆրան­սա­յէն «Փա­րի Սէն Ժեր­մէն» ա­կում­բը՝ տա­րե­կան 7 մի­լիոն եւ­րօ ա­ռա­ջար­կե­լով Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նին։ Ան­ցեալ ձմրան եւ ամ­րան Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան կը տա­տամ­սէր «Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ»ի հետ իր պայ­մա­նա­գի­րը եր­կա­րաձ­գե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Բայց եւ այն­պէս, վեր­ջին հա­շուով ան նա­խընտ­րեց մնալ իր ա­կում­բին մօտ եւ այս ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է «Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ»ի ա­ւագ մար­զիչ Թո­մաս Թու­խէլ, որ պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցաւ ըն­թա­ցիկ մար­զաշր­ջա­նի սկիզ­բին։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց Մխի­թա­րեա­նի նկատ­մամբ, ինչ որ հո­գե­բա­նա­կան տե­սան­կիւ­նէն ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015