ՎԻԶԱՅԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր յայտնեց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները հաւանաբար յառաջիկայ տարուան Հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ Շենկէնի գօտիի երկիրները պիտի կարենան այցելել առանց մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան։ Ըստ Վոլքան Պոզքըրի, վիզայի հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ։ Ըստ նախարարին, այսպէսով Թուրքիոյ կարեւորագոյն հարցերէն մէկը լուծուած եւ կարեւորագոյն ակնկալութիւններէն մէկը դիմագրաւուած պիտի ըլլայ։ Նախարարը աւելցուց նաեւ, թէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացին տեսակէտէ վերջին շրջանին կ՚ապրուին շատ կարեւոր զարգացումներ։