ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի Փարիզ կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Այս ուղեւորութեան կարեւորագոյն հանդիպումները տեղի ունեցան եզրափակիչ փուլին, երբ Եդուարդ Նալպանտեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լըտրիանի եւ Ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոնի կողմէ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ժան-Իվ Լըտրիանի հետ տեսակցելու ընթացքին Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան նշեց, որ իր այցելութիւնը յագեցած էր թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ։ Ողջունելով Նալպանտեանը՝ Լըտրիան արտայայտեց այն համոզումը, որ այս այցելութիւնը կը նպաստէ բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու առաւել խորացման։ Նախարարները հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ Հայաստան եւ Ֆրանսա դիւանագիտական յարաբերութիւններու քառորդ դարուայ պատմութեան ընթացքին յաջողած են ձեւաւորել առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ եւ սերտ համագործակցութիւն՝ հիմնուած երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ։

Նալպանտեան եւ Լըտրիան կարեւորեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, աշխոյժ միջխորհրդարանական կապերը, շուրջ վեց տասնեակ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ ներառնող ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը, առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ մշակութային, գիտական, բարձր փորձագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդումը։

Կարծիքներ փոխանակուեցան յառաջիկայ տարի Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու եւ ծրագրուած միջոցառումներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց ծրագրուող Ֆրանսախօսութեան տնտեսական ֆորումի վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Ֆրանսախօս գործարարներու ցանցի մը ստեղծման կարեւորութեան շուրջ համակարծիք գտնուեցան երկու նախարարները։

Նալպանտեան եւ Լըտրիան անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ վերջերս ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին։ Անոնք նշեցին, որ այս փաստաթուղթը նոր լիցք կը հաղորդէ ինչպէս Եւրոմիութեան հետ բազմակողմանի, այնպէս ալ հայ-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն։

Եդուարդ Նալպանտեան միեւնոյն ժամանակ իր պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ վերջին զարգացումները։ Ան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու՝ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ գործադրուած ջանքերը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Նալպանտեան կարեւորեց նախորդ տարի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի, այս տարի Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային կարեւորագոյն շարք մը խնդիրներ, կարծիքներ փոխանակուեցան Մերձաւոր Արեւելքէ ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղեալ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուած ջանքերուն շուրջ։

Նալպանտեան այս առթիւ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցը հրաւիրեց այցելել Հայաստան։

Նախարարները զրոյցէն վերջ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ երկու երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմերու ընտանիքներու կարգավիճակին։

Ժերար Քոլոնի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ քննարկուեցան հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցեր։ Նալպանտեան ուրախութիւն յայտնեց՝ հանդիպելով Հայաստանի վաղեմի բարեկամին, որ մեծ ներդրում ունի երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ՝ ներառեալ միջխորհրդարանական եւ ապակեդրոնացեալ բնագաւառները։

Փարիզի հանդիպման ժամանակ զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագրին։ Այս ամբողջին մէջ արծարծուեցան Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հնարաւորութիւնը։ Նալպանտեան նշեց, որ վերոյիշեալ հարցին մէջ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ բարեկամ Ֆրանսայի արժէքաւոր աջակցութիւնը։ Եդուարդ Նալպանտեան աւելցուց, որ Ֆրանսան ԵՄ-ի առաջին երկիրն է, որու հետ Հայաստան տակաւին 2008 թուականին սկսաւ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան դիւրացման գործընթացին։

Հանդիպման ժամանակ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ արդէն մօտաւորապէս չորս տարիէ ի վեր վիզաներու դիւրացման շուրջ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ գործող համաձայնագրերու յաջող իրականացման կապակցութեամբ։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկու երկիրներու իրաւապահ մարմիններու համագործակցութեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017