«ՋԱՀԴ ՄԻՇՏ ՎԱՌ»

«Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ համերգ մը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան առընթեր ստեղծուած մշակոյթի եւ արուեստի յանձնախումբի ջանքերով կեանքի պիտի կոչուի այս ծրագիրը։ «Կեդրոնական ջահդ վառ» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն պոլսահայ բեմերու յայտնի մեներգիչներ։ «Կ՚երգենք մէկ սիրտ քեզի համար» կ՚ըսեն՝ Ալեքս Թաթարեան, Արի Պարութօղլու, Գարօլին Սարը, Լառա Նարին, Լիտա Քէօսէօղլու, Մարալ Աթաման, Մարալ Այվազ, Նուարդ Աւետիքօղլու, Օննօ Սիւզմէ, Սէրճան Կազէրօղլու, Թաթիանա Պոստան եւ Պարթեւ։ Այս մենակատարներուն միացած են նաեւ Կեդրոնական վարժարանի նուագախումբն ու երգչախումբը (ղեկավար՝ Յակոբ Մամիկոնեան) եւ «Առագաստ» նուագախումբը՝ գլխաւորութեամբ Ռոպէր Տողանայի եւ Արի Հերկելի։

Համերգի նախօրեակին հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու կարգադիր յանձնախումբէն Պօղոս Չալկըճըօղլուն եւ Սէրտա Ասլանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք դիտել տուին, որ մեր համայնքային վարժարանները կարիքը կը զգան լուրջ զօրակցութեան եւ այս ուղղութեամբ առաջին հերթին շարժման պէտք է անցնին անոնց շրջանաւարտ սաները։ Կեդրոնականի պարագային նման զօրակցութեան շարժումի մը ծնունդ տուած են խումբ մը շրջանաւարտներ, որոնց առաջին հերթին միացած են նաեւ կարգ մը համակիրներ։ Վերոյիշեալ յայտնի երաժիշտներն ալ միացած են այդ աջակցութեան արշաւին՝ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանի, որ 133 տարուան անցեալով մը կը շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Սարվէն Մուրատեան, Պարթեւ Կարեան, Արսէն Գովան, Վարդավառ Ճաւաք, Մարի Աքպաշ, Պօղոս Չալկըճըօղլու, Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, Պերճուհի Պէրպէրեան, Թամար Թաշճըօղլու եւ Սէրտա Ասլան։ Անոնք երախտագիտութեամբ ընդգծեցին, որ գեղարուեստական պատրաստութիւնը յառաջ տարուած է Պարթեւ Կարեանի ջանքերով։

Հարկ է նշել, որ համերգին ընդառաջ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ երգիչ Պարթեւ Կարեան այցելած են նաեւ Պատրիարքարան, ուր Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր բացատրութիւններ փոխանցած են ծրագրին շուրջ։

Վաղուան համերգը եզակի առիթ մըն է թէ՛ հաղորդ դառնալու համար հայ երաժշտութեան որակեալ կատարումներու եւ թէ զօրակցելու համար հայ դպրոցի առաքելութեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019