Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՃԱՆՍԸՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պորիս Ճանսըն զրոյցի ընթացքին կանգ առին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով այլ խնդիրներու վրայ։
Մատնանշուեցաւ, որ յառաջիկային Եւրոմիութեան կազմէն դուրս գալէ վերջ Անգլիա կը նախատեսէ զարգացնել իր համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ եւ այս վերջինը կը համարէ կարեւոր գործընկեր։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019