ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԿԻՒՄՐԻԻ ՌԱԶՄԱԽԱՐԻՍԽԻ ՆԵՐՈՒԺԸ

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին։ «Ռուսաստան միջնորդ է եւ կը փորձէ նպաստել ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական ճանապարհով հանգուցալուծման՝ կողմերու համար ընդունելի տարբերակներու հիման վրայ։ Յառաջիկային եւս պիտի ընթանանք այս մօտեցումով», ըսաւ ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը նշեց, որ 2019 թուականը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ աշխոյժ տարի մըն էր։ Հայաստան կը շարունակէ Ռուսաստանի համար մնալ առանցքային, վստահելի գործընկեր մը։ 2019 թուականը աչքի զարկաւ Ռուսաստանի պետական աւագանիէն բարձրաստիճան դէմքերու Հայաստան այցելութիւններով։ Արդարեւ, Ռուսաստանի նախագահը, վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարը եւ այլ պաշտօնատարներ այցելեցին Երեւան։ Դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին առանձնացուց երկու երկիրներու աշխոյժ համագործակցութիւնը համարկման հարթակներու՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ), Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ այլնի վրայ։ Միջազգային բոլոր հեղինակաւոր կազմակերպութիւններէն ներս կարեւոր սկզբունքային հարցերու վերաբերեալ քուէարկութեան արդիւնքները կը վկայեն, թէ Հայաստան Ռուսաստանի համար կը մնայ առանցքային, վստահելի գործընկեր, որու վրայ կարելի է յոյս դնել դժուար իրավիճակներու մէջ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ դեսպան Քոփիրքին տեղեկացուց, որ Մոսկուա կը ծրագրէ աւելցնել Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխի ներուժը։ Արդարեւ, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային ուղղութիւններէն մին է անվտանգութիւնը։ «Ընթացիկ տարուան ընթացքին շարք մը քայլերու ձեռնարկուեցան Կիւմրիի ռազմախարիսխի մարտական պատրաստուածութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ։ Այստեղ լուրջ արդիւնքներ արձանագրուած են։ Ունինք ծրագրեր կրկնապատկելու ռազմախարիսխի մարտական ներուժը՝ առանց թուաքանակի բարձրացման», ըսաւ դեսպանը եւ տեղեկացուց, որ կը նախատեսուի նշանակալի աշխատանք կատարել ռազմախարիսխի ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ 2019 թուականին յաջողութեամբ զարգացած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ռազմաթեքնիկ ոլորտի մէջ։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն յայտարարուեցաւ, թէ Հայաստան նոր զինատեսակներ ստացած է Ռուսաստանէն։ Նոյնպէս վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019