ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԾԵՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը բազմակողմանի աշխատանք յառաջ կը տանի երկրէն ներս վերանորոգելի ուժանիւթի արտադրութիւնը խրախուսելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որով կը նախատեսուին նախագծեր մշակել՝ Հայաստանի մէջ 400 մեկավաթ հզօրութեամբ արեւու ուժանիւթ ապահովելու ուղղութեամբ։ Այդ պայմանագիրը ստորագրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝ վերականգնելի ուժանիւթի ոլորտի աշխարհի առաջատարներէն «Մաստար» ընկերութեան եւ «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտ»ին միջեւ։ Այս համաձայնագիրը կ՚ենթադրէ շուրջ 320 միլիոն տոլարի ներդրում մը Հայաստանի մէջ։ 400 մեկավաթ ընդհանուր հը-զօրութեամբ արեւու ուժանիւթ արտադրելու համար պիտի մշակուին նախագծեր։ Այս համաձայնագրով նախանշուած առաջին նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի Հայաստանի արեւմուտքին՝ 200 մեկավաթ հզօրութեամբ արեւու ֆոթովոլթ կայաններու կառուցման։

«Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտ»ի տնօրէն Դաւիթ Փափազեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Կը նախատեսենք Հայաստանի մէջ գործող աթոմակայանի հզօրութեամբ երկրորդ ուժանիւթի կայան մը ունենալ եւ այդ մէկը պիտի ըլլայ վերանորոգուող ուժանիւթի հիման վրայ»։

Վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտի զարգացումը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ։ Ուստի, հարցը միշտ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ օրակարգի վրայ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019