ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԾԱՅ

«Արաս» հրատարակչութեան զուգահեռ ստեղծուած Hippo-ն Ամանորի սեմին լոյս ընծայած է երկու մանկապատանեկան գիրքեր։ Փոքրիկ ընթերցասէրներու համար հրատարակուած այս գիրքերէն մին կը կոչուի «Իմ գիրքս», իսկ միւսը՝ «Պարոն կւոձ»։ Օտարալեզու գրականութենէ թարգմանուած մանկական գրականութեան յատկանշական գործեր են անոնք։ Երկու գիրքերն ալ թարգման-ւած են Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ։ Խմբագիրը եղած է Ռոպէր Քոփթաշ, իսկ էջադրութիւնները կատարած է Մելիսա Արսէնեան։

Ամանորի շրջանին այս երկու հայերէն գիրքերը իսկապէս ընծայ մը կը համարուին մեր համայնքի պատանի ընթերցողներուն համար։ Իսկապէս արհեստավարժ որակով նկարազարդուած, ճաշակաւոր գոյներով պատրաստուած այս գիրքերը կրնան դիւրութեամբ իրենց տեղը գտնել փոքրիկներու երեւակայական աշխարհին մէջ։ Եւս առաւել, անոնց հրապոյրը կրնայ պատանի ընթերցողին առթել՝ հայերէնը իւրացնելու, անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու զգացումը։

«Արաս»ի Hippo-էն լոյս տեսած այս գիրքերը պէտք է անպայման տրամադրուին մեր վարժարաններու փոքրիկներուն եւ այս արտադրութենէն պէտք է օգտուին նաեւ սփիւռքի հայկական վարժարաններու փոքրիկ սաները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019