ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Հայաստանէն հասած դրուագները, դժբախտաբար, կը շարունակեն ողբերգական պատկեր մը ցոլացնել։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ձախողումը շատ ծանր կացութեան մատնած է երկիրը, որ ներկայիս ներքին քաղաքական ճակատագրական մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ։ Իրականութեան մէջ, միայն ներքին քաղաքական բնոյթ չունի այդ տագնապը, որու դրսեւորումները աստիճանաբար կրնան աւելի լրջօրէն սպառնալ պետութեան հիմքերուն։

Պատերազմի յաջորդած անելին մէջ շաբաթներէ ի վեր կ՚ակնկալուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարումը։ Իշխանութիւնները կը դիմադրեն, իսկ ընդդիմութիւնը կը յամառի։ Այս փակուղին է, որ օրակարգը կը բնորոշէ, խորքին մէջ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը վերջին օրերուն խստացուցած է իր ցոյցերը։ Երէկ, ընդդիմադիր ցուցարարները ամբողջ հինգ ժամ շրջափակումի տակ պահեցին Հայաստանի կառավարութեան շէնքը, ուր կ՚ընթանար Նախարարաց խորհուրդի ժողովը։ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ լարուածութիւն ստեղծուեցաւ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ։ Ոստիկանները միջամտեցին եւ ձերբակալութիւններ կատարեցին։ Այդ թէժ պահերէն վերջ ալ նոյն հրապարակին վրայ նստացոյցերը շարունակուեցան։ Երեկոյեան ժամերուն ալ Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի երթեւեկը կասեցուեցաւ։ Անոնք, որոնք այս ցոյցը կատարեցին, տեղեկացուցին՝ թէ կապ չունին «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» հետ։

Միացեալ ընդդիմութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ երէկ յայտնեց, որ բացառուած է Նիկոլ Փաշինեանի գործի գլուխ մնալը։ «Անկարելի է այդպիսի մարդ մը թողել իշխանութեան գլուխ։ Փողոցէն պատահական մարդ մը եթէ դնէք անոր տեղը, ապա տասն անգամ աւելի լաւ կ՚ըլլայ Հայաստանի համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը պիտի շարունակուին։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մինչ այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, սահմանամերձ համայնքներու անվտանգութեան ու պաշտպանութեան, Արցախի բնականոն կեանքի վերականգնման վերաբերեալ հարցեր։ Սարգսեան եւ Փաշինեան կանգ առին նաեւ այն միջոցառումներուն վրայ, որոնք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կեանքի կը կոչուին Արցախի համար։

«ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱԼԱԾՈՒԻՆ»

Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին զուգահեռ միշտ ահազանգ կը հնչէ։ Իրադարձութիւններու կիզակէտին է Հայաստանի հարաւի Սիւնիքի մարզը, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի երկրին տեսակէտէ։ Սահմանազատման գործընթացը Հայաստանի ի վնաս տարածքային կորուստներու պատճառ դարձած է, ինչ որ կ՚ուղղորդուի Երեւանի իշխանութիւններու ակնյայտ տկարութեամբ, անբաւարարութեամբ եւ անփութութեամբ։ Վերջին օրերուն Որոտան եւ Շուրնուխ բնակավայրերէն որոշ հատուածներու Ատրպէյճանի հակակշռին տակ անցնելու պարագան տագնապեցուցած է հայկական հանրային կարծիքը։ Երկրի ներքին քաղաքական լարուած իրավիճակին մէջ, ընդդիմադիր շրջանակները յաճախ կը շեշտեն, որ Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցածները որեւէ առընչութիւն չունին՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած եռակողմանի համաձայնութեան հետ։ Առկայ երեւոյթները գետին կը պատրաստեն այնպէս տրամաբանելու համար, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առջեւ ստանձնած է յաւելեալ պարտաւորութիւններ, որոնք չեն յայտարարուած եւ այժմ լուռ ու մունջ կը կատարուին Երեւանի կողմէ։ Ըստ ընդդիմադիր շրջանակներու քննադատութիւններուն, հայկական կողմէն հրադադարի համաձայնութիւնը ստորագրած Նիկոլ Փաշինեան նոյնիսկ չէ փորձած ապահովել իրավիճակ մը, որով Հայաստանի Զինեալ ուժերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի միջեւ տարբերակում մը պիտի ըլլար։ Եռակողմանի հրադադարի համաձայնութեան հիմնական կէտերէն մին է, որ իւրաքանչիւր կողմ կը մնայ այնտեղ, ուր կը գտնուէր համաձայնագրի ստորագրուած պահուն։ Որդեգրուած էր նաեւ ժամանակացոյց մը Արցախի յարակից երեք շրջաններու՝ Աղտամի, Քարվաճառի եւ Լաչինի յանձնման վերաբերեալ։ Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ Սիւնիքի շրջակայքին, ընդունելի չէ, որովհետեւ Սիւնիքը յիշեալ երեք շրջաններէն որեւէ մէկուն մաս չի կազմեր։ Հետեւաբար, ըստ հրադադարի յայտարարութեան, հայ զինուորը պէտք է կանգնած մնար այնտեղ, ուր կը գտնուէր ստորագրման պահուն։ Հետեւաբար, ընդդիմադիր լրատուամիջոցները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Սիւնիքի պարագային կատարուած կարգադրութիւնները առընչութիւն չունին հրադադարի համաձայնութեան հետ եւ այս կտրուածքով Փաշինեանի վարչախումբը չարաշահումներ կը կատարէ։

Սիւնիքի մարզէն ներս ընդհանրապէս անհանգիստ ու լարուած վիճակն ալ կը մնայ առկայ։ Մարզի զանազան քաղաքներու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն, ինչ որ շատ լայն արձագանգ կը գտնէ հանրային կարծիքին մօտ։ «www.tert.am»ի հաղորդումներով, Երկրապահ կամաւոր միութեան անդամներէն նախկին երեսփոխան Մխիթար Յարութիւնեան յայտնեց, որ Սիւնիքի քաղաքապետները կը հալածուին, որովհետեւ կ՚ուզեն հողը պահել։ Ազատամարտիկները ներկայ դրութեամբ ընելիք ունին սահմանները պահելու համար։ Ան պնդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կ՚իրականացուի դաւադրութիւն։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, արդարադատութեան նախկին նախարարներէն Դաւիթ Յարութիւնեան, որ մասնակցեցաւ Հայաստանի ընդդիմութեան երէկուան ցոյցին, խօսեցաւ սահմաններու ճշգրտման հարցերուն շուրջ։ «Իւրաքանչիւրը ինքզինքին պէտք է հարց տայ. ինչո՞վ պայմանաւորուած է սահմաններու այս շուտափոյթ վերաձեւումը։ Այդ ինչո՞վ պայմանաւորուած է, որ սահմանի իսկ վրայ Ատրպէյճան սկսած է կառուցել խոշոր ռազմակայաններ եւ տեղակայել յարձակողական զէնքեր։ Այո՛, ես կը հասկնամ, որ շատերու յոյսն է, թէ Ռուսաստան այսօր թոյլ չի տար Հայաստանի տարածք ներխուժել՝ հակառակ, որ փաստացիօրէն սա տեղի կ՚ունենայ։ Բայց Ատրպէյճան այսօր կը պատրաստուի այն պատերազմին, որուն պիտի մասնակցին մեր երեխաները եւ թոռները ու անթոյլատրելի է սա չնկատել», յայտնեց Դաւիթ Յարութիւնեան։

Յետպատերազմեան պայմաններով Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախատեսուած փոխադրութեան միջանցքն ալ պիտի անցնի Սիւնիքի մարզով։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020