ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շօշափեցին միջազգային օրակարգի զանազան հարցեր։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Ալիեւ քննարկեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրադարձութիւնները։ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի յառաջընթացին։ Անգարա կ՚ակնկալէ, որ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հետ միասին Հարաւային Կովկասէ ներս կը հաստատուի կայունութիւն եւ կ՚ապահովուի բարգաւաճում։

Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անոնք անդրադարձան երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան։ Փութին եւ Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնեցին Մոսկուա-Պաքու ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին կապակցութեամբ։ Անոնք համաձայն գտնուեցան շարունակելու համար անձնական շփումները։

Հարկ է նշել, որ երէկ Իլհամ Ալիեւի ծննդեան տարեդարձն էր եւ այս կապակցութեամբ Փութին շնորհաւորութիւններ յղեց իրեն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024