ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

​Ե­րէկ, Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ Ան­գա­րա­յի մէջ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թուր­քիա։ Ի­րեն ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ էին Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Ընդ­լայն­ման ու հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գծով կո­մի­սար Եո­հան­նէս Հան եւ Մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան ու ճգնա­ժա­մե­րու կա­ռա­վար­ման գծով կո­մի­սար Խրիս­տոս Սթի­լիա­նի­տէս։

Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին հետ տե­սակ­ցե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ։ 1 ժամ 10 վայր­կեան տե­ւեց այս հան­դի­պու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ տե­սակ­ցե­ցաւ Մո­կե­րի­նիի հետ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քի հան­դի­պու­մը տե­ւեց 1 ժամ 45 վայր­կեան։ Բարձր մա­կար­դա­կի այս հան­դի­պում­նե­րուն զու­գա­հեռ, ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն Բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան ժո­ղո­վը։ Նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով այս ժո­ղո­վին Թուր­քիոյ ա­նու­նով մաս­նակ­ցե­ցան Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ Վոլ­քան Պոզ­քըր։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ սար­քուե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին Մո­կե­րի­նի ընդգ­ծեց, թէ քննար­կած են նաեւ Թուր­քիոյ ա­րե­ւել­քին եւ հա­րաւ-ա­րե­ւել­քին յա­ռաջ տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ «Թուր­քիոյ հա­րաւ-ա­րե­ւել­քի ներ­քին խնդիր­նե­րը քննար­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցանք։ Եւ­րո­միու­թիւ­նը կը պա­խա­րա­կէ ա­մէն տե­սակ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում», ը­սաւ Մո­կե­րի­նի։

Նոյն ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Եո­հան­նէս Հան անդ­րա­դար­ձաւ փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցին շուրջ Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Ըստ ի­րեն, Եւ­րո­միու­թեան եր­կիր­նե­րը մօ­տէն կը դի­տար­կեն, որ Թուր­քիա­յէն Եւ­րո­պա ան­ցած ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու քա­նա­կու­թեան մէջ նուա­զում մը կա՞յ, թէ ոչ։ Կո­միա­սա­րը խօ­սե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ ԵՄ-ի լիի­րաւ ան­դա­մակ­ցու­թեան ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր տեղ մը ու­նի Թուր­քիոյ ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցէն ներս։

Իր կար­գին, Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու նշեց, թէ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած յատ­կաց­ման փո­խան­ցու­մը կը յա­պա­ղի ա­նոր ներ­քին ըն­թա­ցա­կար­գին բե­րու­մով, սա­կայն իւ­րա­քան­չիւր յա­պա­ղում ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ գաղ­թա­կան­նե­րու ա­ռօ­րեա­յին ու կեն­սա­մա­կար­դա­կին վրայ։ Իսկ Վոլ­քան Պոզ­քըր ընդգ­ծեց, որ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցի­լը Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ռազ­մա­վա­րա­կան նպա­տակ մըն է։ Ան հա­մո­զուած է, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով պէտք է քննարկ­ման բա­ցուին նոր գլուխ­ներ։

Մո­կե­րի­նի եւս Ան­գա­րա­յի մէջ խօ­սե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յի յատ­կաց­ման։ Ի­տա­լիա ներ­կա­յիս ար­գե­լա­փա­կած է այդ գու­մա­րը։ Մո­կե­րի­նի ե­րէկ յայտ­նեց, որ ԵՄ-ի այդ յատ­կա­ցու­մը իր կան­խա­տե­սում­նե­րով տրա­մա­բա­նա­կան ժամ­կէ­տի մը մէջ պի­տի փո­խան­ցուի։ «Այս գու­մա­րը թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պի­տի չտրուի։ Գաղ­թա­կան­նե­րու հա­մար մշա­կուած ծրագ­րե­րու ի նպաստ պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի։ Մենք հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տան­քը յա­ռաջ կը տա­նինք մեր մի­ջեւ։ Հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մը առ­նուած է ա­միս մը ա­ռաջ։ Աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, որ­պէս­զի այս գու­մա­րը օգ­տա­գոր­ծուի նպա­տա­կաս­լաց ձե­ւով», ը­սաւ Մո­կե­րի­նի։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016