ԱՌԱՋԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Մոսկուա։ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս ուղեւորութիւնը, որու շրջագծով Կարէն Կարապետեան երէկ Մոսկուայի կեդրոնին ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի յուշարձանին մօտ։
Մոսկուայի շփումներուն վերջին օրը Կարէն Կարապետեան այցելեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդանիստ Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցին։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի կողմէ։ Կարէն Կարապետեան եւ իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան անդամները Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը եւ մոմ վառեցին։
Գոհաբանական աղօթքէն վերջ, Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան հանդէս եկաւ ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքով մը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Կարէն Կարապետեանի եւ ընկերակիցներու այցելութեան բերումով ու մաղթեց բարեբեր աշխատանք։ Նորին Սրբազնութիւնը պատմական որակեց վարչապետին այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ Կարէն Կարապետեան կարեւոր դերակատարութիւն ունի ոչ միայն որպէս քաղաքական գործիչ, բարձրաստիճան պաշտօնեայ, այլ նաեւ որպէս բարերար։
Թեմակալ Առաջնորդին ուղեկցութեամբ Կարէն Կարապետեան եւ ընկերակիցները շրջայց մըն ալ կատարեցին Առաջնորդարանի ընդարձակ համալիրէն ներս։