ԷԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ «Ուժանիւթի շաբաթ 2017» ձեռնարկներու շարքը։ Ծրագրի առաջին օրը արդէն տեղի ունեցան բազմակողմանի քննարկումներ երկրի ուժանիւթի ոլորտի կացութեան շուրջ։ Բաւական լայն մասնակցութեամբ համաժողով մը տեղի ունեցաւ ծրագրին առաջին օրը։ Համաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ յայտնեց՝ թէ ուժանիւթի բնագաւառը երկրի տնտեսութեան կարեւոր ճիւղերէն մին է ու վերջին տարիներուն էական ձեռքբերումներ արձանագրուած են այդ բնագաւառէն ներս։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ուժանիւթի ոլորտէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքները ուղղուած են Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման, որակեալ եւ անխափան ծառայութիւններու մատուցման։ Ըստ իրեն, միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ գրեթէ ամբողջովին արդիականացուած են համակարգային նշանակութեամբ բարձրավոլթ ենթակայանները։ «Բաց աստի, այս բնագաւառէն ներս շարունակական եւ հետեւողական աշխատանք կը տարուի նոր հզօրութիւններ ստեղծելու, ելեկտրահաղորդման նոր գիծեր կառուցելու, նոր փորձագիտութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Ելոյթին տեւողութեան ան բացատրեց, որ ուժանիւթի ոլորտէն ներս Հայաստան տարածքաշրջանին մէջ սերտ համագործակցութիւն ունի Իրանի եւ Վրաստանի հետ։ 2019 թուականին շահագործման պիտի յանձնուին Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Վրաստան ելեկտրահաղորդման գիծերը, որոնք լիովին նոր մակարդակի մը պիտի բարձրացնեն Հայաստանի ուժանիւթի համակարգը։ Այս ծրագրերը թոյլ պիտի տան իրականացնել ելեկտրական ուժանիւթի տարանցումներ, եղանակային փոխադարձ հոսքեր եւ փոխանակումներ, ինչպէս նաեւ առեւտրային այլ գործարկներ։
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, որպէս Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիր՝ Հայաստան կրնայ իւրօրինակ կամուրջ մը ըլլալ Իրանի եւ այց կառոյցին միջեւ։ Այս հանգամանքը, Սարգսեանի խօսքերով, լիովին հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ներդրումային բազմաթիւ ծրագրերու իրականացման համար՝ ինչպէս պետական, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածին կողմէ։
Երեւանի «Էլիթ փլազա» գործարար կեդրոնէն ներս կազմակերպուած «Ուժանիւթի շաբաթ 2017» ծրագիրը ըստ էութեան ուղղուած է արեւային ուժանիւթէն օգտուելու եւ համապատասխան ներդրումներ ապահովելու նպատակին։ Հայաստանի Վերականգնելով ուժանիւթի եւ ուժանիւթախնայողութեան հիմնադրամին եւ «Էքսփօմետիա» ցուցահանդէսներու նախագծման կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ կ՚իրականանայ համաժողովը։ Սոյն ծրագիրը միտուած է ներկայացնելու Հայաստանէ ներս ուժանիւթախնայողութեան եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտէն ներս վերջին զարգացումները, այս բնագաւառի առկայ հիմնախնդիրները, ներդրումնային հնարաւորութիւնները, գանձատրման հաւանական աղբիւրները, փորձագիտական լուծմները եւ հեռանկարային ծրագրերը։ Այս համաժողովին մասնակցութիւն կը բերեն զանազան երկիրներէ աւելի քան երեսուն օտարերկերայ ընկերութիւններ, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ արեւային կայաններ կառուցելու հնարաւորութիւնները։ Ձեռնարկներու շարքը կը ներառնէ նաեւ ցուցահանդէս մը, որու շրջագծով ներկայացուած են տեղական արտադրողներն ու այս բնագաւառի մասնագիտացեալ ընկերութիւնները։ Ըստ կազմակերպիչներուն, ցուցահանդէսի այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու ջերմամէկուսիչ նիւթերու, լուսաւորութեան եւ ջեռուցման արդիւնաւէտ համակարգերու, արեւային փորձագիտութիւններու նմոյշներուն եւ այս բնագաւառէն ներս առաջարկուած այլ ծառայութիւններու։
Սերժ Սարգսեան համաժողովի մասնակիցներուն խօս ուղղելու ժամանակ յայտնեց, որ երկարաժամկէտ առումով «Կանաչ» սկզբունքներու վրայ հիմնուած տնտեսութիւնները աւելի հեռանկարային են ու կայուն։ Այս իսկ պատճառով սոյն բնագաւառի զարգացման ռազմավարութեան համատեսքին մէջ յատկապէս կարեւորութիւն կ՚ընծայուի վերականգնուող ուժանիւթի զարգացման նկատմամբ՝ արեւային, հողմային, երկրաջերմային եւ ջրաուժանիւթային ուղղութիւններով։ Ըստ բազմաթիւ փորձագիտական հետազօտութիւններու արդիւնքին, Հայաստան ունի արեւային ուժանիւթի զարգացման մեծ ներուժ մը։ Ներդրողներու համար գրաւիչ դաշտ մը ստեղծելու նպատակով վերջին շրջանին իրականացուած են շարք մը օրէնսդրական փոփոխութիւններ՝ համաշխարային լաւագոյն փորձառութեան կիրառումով։ Սերժ Սարգսեան յիշեցուց, որ վերջին տարիներուն շուրջ 80 տորոսով նուազած է արեւային ֆոթօվոլթային կայաններու փորձագիտութիւններու արժէքը։ Ան շարունակեց. «Շնորհիւ այս բանին արդիւնաբերական ծաւալի արեւային ֆոթօվոլթային փորձագիտութիւնը Հայաստանի մէջ առկայ ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան միւս փորձագիտութիւններուն նկատմամբ դարձած է մրցունակ։ Սկզբնական հաշուարկները ցոյց կու տան, որ այժմ այդ նորագոյն փորձագիտութիւններուն շնորհիւ հնարաւոր է ստանալ ֆոթօվոլթային կայաններու համար մրցունակ սակագին մը, ինչ որ իր հերթին թոյլ պիտի տայ բացառել բացասական ազդեցութիւնները վերջնական սպառողներու համար սահմանուած ելեկտրական ուժանիւթի սակագինին վրայ։ Այսպէսով համաշխարհային ճանաչումով ընկերութիւններուն համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին մասնակցելու Հայաստանի մէջ իրականացուող մրցոյթներուն եւ կառուցելու մեծ հզօրութեամբ ֆոթօվոլթային կայաններ»։
Սերժ Սարգսեան համաժողովի մասնակիցներու նկատառման յանձնեց, որ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին կը նախատեսուի զգալիօրէն աւելցնել վերականգնուող ուժանիւթի բաժինը ընդհանուր ուժանիւթի հաշուեկշռին մէջ՝ արեւային, հողմային եւ երկրաջերմային ելեկտրակայաններու կառուցումով։