ՇԻՐԱՔ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Ֆրան­սա­յի նախ­կին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րէն Ժագ Շի­րաք ա­ռա­ջադ­րուե­ցաւ Նո­պէ­լեան խա­ղա­ղու­թեան թեկ­նա­ծու։ Ըստ ֆրան­սա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րարն ու նա­մա­կը ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին յանձ­նուած է Նո­պէ­լեան կո­մի­տէին։

Մի­ջազ­գա­յին այս բարձր պար­գե­ւին հա­մար Ժագ Շի­րա­քի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րե­լու ա­ռա­ջար­կը յղա­ցած են իր խումբ մը վա­ղե­մի ըն­կեր­ներն ու զի­նա­կից­նե­րը՝ բազ­մա­բե­ւեռ աշ­խար­հի ստեղծ­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ա­նոր կող­մէ ներդ­րուած ա­ւան­դին բե­րու­մով։ Շի­րա­քի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած դէմ­քե­րու շար­քին կը գտնուին Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նախ­կին նա­խա­գահ Պեռ­նար Ա­քուա­յէ, երկ­րի նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Ժան-Փիէռ Ռա­ֆա­րէն եւ «Է­լի­զէ»ի պա­լա­տի նախ­կին ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար­նե­րէն Ֆրե­տե­րիք Սա­լա-Պա­րու, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ժագ Շի­րա­քի փե­սան է։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան գա­ղա­փա­րը ա­նոնց մօտ հա­սուն­ցած է ան­ցեալ ամ­րան։ Նա­խա­ձեռ­նող խում­բը ստեղ­ծած է «Ժագ Շի­րաք. երկ­խօ­սու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան հա­ւա­տա­րիմ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ» ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը։ Այս վեր­ջի­նը գլխա­ւո­րուած է ազ­դե­ցիկ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի մը՝ Ֆրան­սա­յի ու­ժա­նիւ­թի նախ­կին նա­խա­րար­նե­րէն Թիէ­րի Պրե­թո­նի կող­մէ։ Նո­պէ­լեան խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նակ ստա­նա­լու հա­մար Ժագ Շի­րա­քը ա­ռա­ջադ­րե­լու գա­ղա­փա­րին ի նպաստ հան­րա­գի­րը ստո­րագ­րած են ար­դէն 280 ե­րես­փո­խան­ներ, ո­րոնք ըստ էու­թեան «Հան­րա­պե­տա­կան­ներ» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են։

Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Սթե­ֆան Տը Ֆոլ ե­րէկ «Ֆրանս-էն­ֆօ» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն ե­լոյթ մը ու­նե­նա­լով ող­ջու­նեց այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Ան միան­գա­մայն տրա­մա­բա­նա­կան ո­րա­կեց սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ ընդգ­ծեց, որ Ժագ Շի­րաք մեծ աշ­խա­տանք կա­տա­րած է իր պաշ­տօ­նա­վար­ման տա­րի­նե­րուն։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ժագ Շի­րաք 1995-2007 թուա­կան­նե­րուն ե­ղած էր Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ, եր­կու ժամ­կէ­տով։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017