ՍՊԱՌՄԱՆ ՇՈՒԿԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ժընեւաբնակ գործարար եւ Մարսէյլի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Սրմաքէշի, սփիւռքահայ գործարար Քրիստիան Կերիճիի եւ արթիկցի Վարագեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ, Շիրակի մարզի Վարդագոյն քաղաքին մէջ մօտ ապագային պիտի բացուի երեք հարիւր աշխատատեղի, բայց մինչ այդ գործարանը համապատասխան աշխատուժով ապահովելու համար նախ կարի ուսուցման կեդրոն բացուեցաւ Արթիկի մէջ. կը մնայ գտնել գործարանին շէնքն ու վերանորոգել զայն: Գործարարները կը վստահեցնեն, որ «Մէյտ ին Արթիկ, Արմենիա» պիտակը շուտով նշանաւոր պիտի դառնայ Եւրոպայի մէջ. ուսումնասիրուած է բանուորական համազգեստի առկայ պատուէրները:
«Հիւսուածեղէնի արտադրութեամբ Հայաստան կրնայ մրցիլ որեւէ երկրի, նոյնիսկ Չինաստանի հետ», վստահեցուցած է սփիւռքահայ գործարար Քրիստիան Կերիճի, որ արդէն ինն տարիէ ի վեր Հայաստան կը բնակի, ունեցած է ինն զաւակ ու կարի երեք արտադրամաս հիմնած է Ամասիոյ, Կիւմրիի եւ Արթիկի մէջ, նաեւ այս ընթացքը տարուէ տարի բազմաթատկուելու միտում ունի:
Արթիկի արտադրամասին մէջ ներդրում ունեցող գերմանացի գործարար Հանս Եոհախիմ, զոր հայ գործընկերները Հայօ կոչած են, կը վստահեցնէ, որ Հայաստան յարմարագոյն երկիրներէն մին է շահութաբեր ներդրումներ կատարելու համար։ Իրանցի գործարար մըն ալ երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումէն ու հայ-իրանեան բարիդրացիական յարաբերութիւններէն ոգեւորուած` նոր ներդրումներու ծրագիրներ կը մշակէ գորգագործութեան ոլորտին մէջ: Թելերն ու սարքաւորումները` Իրանէն, աշխատուժը` Արթիկէն. սպառման շուկայի համար համաձայնութիւններ կան:
Կիւմրիի մէջ կառուցուող աւելի քան չորս հարիւր աշխատատեղի խոստացող հիւսուածեղէնի գործարանի բացման ժապաւէնը նախատեսուածէն աւելի ուշ պիտի կտրուի, քանի որ տարածքին մէջ գտնուող տասնվեց տնակաբնակները նախ պէտք է տուն ունենան, այդ ալ՝ անհատոյց, կը վստահեցնեն գործարարները: