ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԻ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստի ընթացքին ունեցած ելոյթին արձագանգները կը շարունակուին։ Սթարզպուրկի մէջ Սերժ Սարգսեան պատասխանեց նաեւ Թուրքիոյ պատուիրակութեան անդամներէն երեսփոխան Թուղրուլ Թիւրքէշի հարցման։ Այս առթիւ հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ փակուղիի դրսեւորումները։ Նախագահ Սարգսեան կրկնեց, որ Հայաստան կը պատրաստուի մինչեւ գարուն առ ոչինչ յայտարարել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սերժ Սարգսեանի պատասխանը՝ Թուղրուլ Թիւրքէշի հարցման.
«Գիտէք, մենք լաւ չենք հասկնար թրքական կողմի պահանջը՝ որեւէ քայլ կատարելու ժամանակ։ 2008 թուականին՝ իմ ընտրուելէն յետոյ, ես նախաձեռնեցի հայ-թրքական բանակցութիւններու հրապարակայնացումը եւ արդիւնքին հանդիպումներ տեղի ունեցան Թուրքիոյ նախագահի եւ իմ միջեւ, բանակցութիւնները թափով շարունակուեցան եւ մենք Զուիցերիոյ մէջ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներու արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ ստորագրեցինք երկու փաստաթուղթ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին։ Մինչ բանակցութիւններուն սկսիլը եւ բանակցութիւններու իսկ արդիւնք հանդիսացող այդ փաստաթուղթերուն մէջ շատ յստակ ամրագրուած է, որ այդ յարաբերութիւնները պէտք է հաստատուին առանց նախապայմաններու։ Բայց, ցաւօք սրտի, արձանագրութիւնները ստորագրելէ յետոյ թրքական կողմը մշտապէս կը փորձէ եւ հիմա ալ՝ մինչեւ այսօր ալ, այդ փորձերը կը շարունակուին, նախապայմաններ կ՚առաջադրուին։ Մենք միջազգային գործնականութեան մէջ այդպիսի օրինակի չենք հանդիպած։ Բոլոր պայմանները կը բանակցուին մինչեւ փաստաթուղթի ստորագրումը, իսկ փաստաթուղթ ստորագրելէ յետոյ տարրական բարոյականութիւնը կը պահանջէ կատարել այդ փաստաթուղթի պահանջները։ Մենք հիմա արդէն ինն տարի անց դարձեալ կը լսենք թրքական կողմէն կարգ մը քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւն։ Արդեօք երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատումը պէտք է ուղեկցուի կարգ մը ժեստերով, զիջումներով։ Փաստաթուղթին մէջ շատ յստակ ամրագրուած է, որ հաստատել յարաբերութիւններ, այնուհետեւ անդրադառնալ երկու երկիրներու միջեւ եղած բոլոր կնճռոտ հարցերուն, իսկ թրքական կողմը, կը կրկնեմ, նախապայմաններ կ՚առաջադրէ։
«Մենք երբեւէ որեւէ նախապայման չենք կրնար ընդունիլ։ Այո, Թուրքիան հզօր պետութիւն է, Թուրքիան հսկայական ներուժ ունի եւ Հայաստանի ներուժը անկարելի է համեմատել Թուրքիոյ հետ, սակայն սա չի նշանակեր, որ Թուրքիան ուժի դիրքերէ պէտք է խօսի Հայաստանի հետ կամ նախապայմաններ առաջադրէ։ Եթէ այդպէս ըլլայ, ապա Թուրքիայէն շատ աւելի հզօր երկիրներ կան բնակչութեան եւ տնտեսութեան առումով եւ այդ հզօր երկիրներն ալ Թուրքիոյ հետ պէտք է խօսին ուժի դիրքերէ կամ նախապայմաններու լեզուով։ Կը կարծեմ, թէ թրքական իշխանութիւններն ու թուրք ժողովուրդը այդպիսի մօտեցում երբեք չեն ընդունիր։ Այնպէս ալ մենք չենք ընդունիր այդպիսի մօտեցումներ։ Ուղղակի շատ ցանկալի կ՚ըլլայ, անկախ այն բանէն, որ այդ արձանագրութիւնները Հայաստանի կողմէ մօտ ժամանակներս՝ մինչեւ գարուն առ ոչինչ պիտի յայտարարուին, որովհետեւ անիմաստ են անոնք։ Կը կարծեմ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ թրքական կողմը տարածքաշրջանի մէջ կայունութիւնը՝ այս փխրուն կայունութիւնը պահպանելու համար հրաժարի իր կողմնակալ դիրքորոշման եւ միանշանակ Ատրպէյճանին սատարելու քաղաքականութենէն։ Կ՚ուզեմ ձեզի յիշեցնել, որ 2016 թուականի ռազմական գործողութիւններու ժամանակ Թուրքիան միակ պետութիւնն էր աշխարհի, որ սատարեց այդ ռազմական գործողութիւններուն եւ նախագահի ու վարչապետի մակարդակով չորս օրուան ընթացքին հինգ յայտարարութիւն ընդունեց՝ ի պաշտպանութիւն Ատրպէյճանի։ Այսպիսի պարագաներու մէջ մենք ի՞նչ քայլերու կրնանք ձեռնարկել։ Սա մեր ժողովուրդի համար վիրաւորական կ՚ըլլայ։ Յարաբերութիւններ հաստատելու համար երթալ միակողմանի զիջումներու»։