ԲԱԶՄԱԶԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, որ մասնակցութիւն կը բերէ Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, երէկ շարունակեց շփումներ ունենալ բազմազան գործընկերներու հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, օրուան տեւողութեան Կարէն Կարապետեան հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Էսթոնիոյ Վարչապետ Եուրի Ռաթասի, Հոլանտայի Վարչապետ Մարք Ութէի, ինչպէս նաեւ Ճաբոնի Միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան նախագահ Շինիչի Քիթաօքայի հետ։ Այս վերջինը ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ իրենց ծրագիրները պիտի ըլլան շարունակական։
Սաատ Հարիրիի հետ զրուցելու ժամանակ Կարէն Կարապետեան նշեց, որ Հայաստան եւ Լիբանան աւանդաբար ամուր եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցած են։ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է այդ յարաբերութիւնները առաւել խորացնելով եւ ընդլայնելով։ Երկու վարչապետները կարեւորեցին նաեւ Լիբանանի հայ համայնքին դերը՝ երկկողմանի համագործակցութեան եւ ամուր կապերու գոյութեան տեսանկիւնէն։
Զրոյցի տեւողութեան Կարէն Կարապետեան իր պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական զարգացման միտումներն ու նախաձեռնուած բարեփոխումները։
Իր կարգին, Սաատ Հարիրի նշեց, որ իրենք մտադիր են սերտօրէն աշխատիլ Հայաստանի ու հայկական գործարարութեան հետ եւ պատրաստակամ են յստակ քայլեր իրականացնելու այս ուղղութեամբ։ Կարէն Կարապետեան Սաատ Հարիրին հրաւիրեց այցելել Հայաստան։ Լիբանանի վարչապետը սիրով ընդունեց այդ հրաւէրը։
Միւս կողմէ, Տաւոսի շփումներուն առընչութեամբ Կարէն Կարապետեան հակիրճ յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Օրակարգ» լրատուական ծրագրին։ «Մենք պէտք է հետեւողական աշխատինք, պէտք է լսելի ըլլանք աշխարհի համար», ըսաւ այս հարցազրոյցին ընթացքին Կարէն Կարապետեան։