ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՄԱՆ ՓՈՐՁԵՐ
Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախորդ գիշեր Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին ներթափանցման փորձ մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ 25 Յունուարի գիշերը՝ ժամը 02.00-ի սահմաններուն։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գծի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերէն մէկուն պաշտպանական հատուածին մէջ, Արցախի բանակի յառաջապահ ուժերու կողմէ հաւաստանշուեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերու հետախուզական խումբի ներթափանցման փորձը։ Ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններու արդիւնքին ատրպէյճանցի յատուկ ջոկատայինները ետ մղուեցան։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ատրպէյճանի կողմը ունի կորուստներ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս ներթափանցման փորձին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան դէպքին կապակցութեամբ յայտնեց հետեւեալը. «Պաքու կը փորձէ միջազգային ասպարէզի վրայ ունեցած դիւանագիտական ձախողումները փոխարինել, շեղել ուշադրութիւնը Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խախտումներէն՝ սադրանքներ հրահրելով շփման գծին վրայ։ Պիտի չյաջողին»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ անմիջապէս հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով վերջին դէպքերուն առընչութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Քրաքովի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած էին շարք մը պայմանաւորուածութիւններ։ Այսպէս, Պաքու դժգոհ է այդ համաձայնութիւններէն եւ այս հանգամանքով պայմանաւորուած է սահմանի վրայ իրավիճակի լարուածութիւնը։
Շաւարշ Քոչարեանի խօսքերով՝ նորութիւն չէ, որ հանդիպումներէն առաջ կամ յետոյ Ատրպէյճան, որպէս կանոն, կ՚աշխուժացնէ իր այդ քայլերը։ Այստեղ կարելի է մէկ մեկնաբանութիւն ընել. արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպման ընթացքին Ատրպէյճան ստիպուեցաւ ձեռնարկել որոշ քայլերու եւ այդ քայլերը կը թուին ձեռնտու չըլլալ իրենց տեսակէտէ։ Այժմ Պաքու իր դժգոհութիւնը կ՚արտայայտէ այսպէսով։
Փոխ-նախարար Քոչարեան ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստան ամէն ինչ կ՚ընէ պահպանելու համար ռազմական հաւասարակշռութիւնը, ընդ որում, աւելի մատչելի գիներով։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ բարձրացնել արդիւնաւէտութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ Մարիա Զախարովա շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանեց այն հարցման, ըստ որու արդեօք ռուսական կողմը կը պատրաստուի՞ աշխուժացնել ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այս կապակցութեամբ ռուս բանբերը ըսաւ հետեւեալը. «Իմ կարծիքով, անհրաժեշտ է բարձրացնել ոչ թէ աշխուժութիւնը, այլ արդիւնաւէտութիւնը։ Կը կարծեմ, թէ բոլորը կը զբաղին այդ բանով»։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ 1 Փետրուարին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանոյի հետ։ Մոսկուայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Լաւրով-Ալֆանօ տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Յառաջիկայ ամսուան սկիզբին Լաւրով Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ իր իտալացի պաշտօնակիցը։