ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» լայնածաւալ գործողութիւնները թեւակոխած են արդէն եօթներորդ օրը։ Այս գործողութիւններու առաջին վեց օրերու տուեալներով՝ ցայսօր աւելի քան 343 ահաբեկիչ չէզոքացուած է բանակին կողմէ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւններով, երէկ 14 ռազմաօդանաւեր ռմբակոծեցին 25 թիրախներ։ Աֆրինի մօտակայքին ձերբակալուեցաւ եօթ ահաբեկիչ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրք զինեալ ուժերը երէկ շարունակեցին կուտակումներ կատարել Սուրիոյ սահմանին վրայ։ Այսպէս, երէկ սահմանակից Քիլիս քաղաքի Էլպէյլի գաւառակը հասան թիւով շուրջ 20 զրահապատ ինքնաշարժներ եւ ականներու դէմ տոկուն այլ զինուորական ինքնաշարժներ։ Կազիանթէպ-Քիլիս ցամաքուղիէն անցաւ այն շարասիւնը, որ հասաւ սահման՝ այս կուտակումներուն համար։
Ռմբակոծումներուն զուգահեռ, ցամաքէն ալ կը շարունակուի բանակին յառաջխաղացումը։ Կը հաղորդուի, որ ահաբեկիչներուն կողմէ լքուած դիրքերը աստիճանաբար կ՚անցնին թրքական քոմանտոներու հակակշռին ներքեւ։
Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Սուրիոյ սահմանը։ Ան մեկնեցաւ Հաթայ՝ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու հրամանատարական կեդրոնը։ Իր հետն էին Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Փոխ-վարչապետ Պեքիր Պոզտաղ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի, Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Եաշար Կիւլէր եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Բ. զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Իսմայիլ Մեթին Թեմէլ այցելութեան ընթացքին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ընթացքին շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահին։
Հրամանատարական կեդրոնին մէջ Էրտողան խօսք ուղղեց զինուորներուն։ Ան շեշտեց, որ Աֆրինի համար ձեռնարկուած գործողութիւնները կը հետապնդեն ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակը։ Այս գործողութեան հետապնդած նպատակներէն մին է տարածքաշրջանը մաքրագործել ահաբեկչական բոլոր տարրերէն։ Էրտողան ընդգծեց, որ զինուորները կ՚իրականացնեն նուիրական պարտականութիւն մը եւ անոնց յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց նաեւ, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները պիտի շարունակուին՝ մինչեւ որ ակնկալուած արդիւնքները ապահովուին։ Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա աչք չունի որեւէ երկրի տարածքին վրայ։ Աֆրինի ահաբեկչական տարրերէն մաքրագործումէն վերջ քաղաքը պիտի յանձնուի իր բուն տէրերուն։ Այդ տարածքաշրջանի ահաբեկիչներէն մաքրագործումը, Էրտողանի խօսքերով, պիտի արագացնէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիներու վերադարձը։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն կապակցութեամբ։ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը այս առթիւ յայտնեց, որ Թուրքիա կը հանդիսանայ ՆԱԹՕ-ի անդամ այն երկիրը, որ առաւելագոյն չափով ահաբեկչական յարձակումներու կ՚ենթարկուի։ Իր խօսքերով՝ Թուրքիան ալ այլ երկիրներու նման ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք։ Բայց եւ այնպէս այս բանը պէտք է ընել համաչափ եւ չափաւոր ձեւով ուժի կիրառումով։ «Ներառեալ Թուրքիան, այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ տեսակցելու ընթացքին ես կը փոխանցեմ այս պատգամը։ Անցեալ շաբաթ խօսեցայ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ։ Մենք շահագրգիռ միւս երկիրներուն հետ կանոնաւոր կապի մէջ ենք, ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Սուրիոյ հիւսիսին մեր վկայած փորձութիւններուն դիմաց լաւագոյն ճանապարհը գտնելու համար ես ուղղակի շփումներ մշակելու կոչ կ՚ուղղեմ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ», ըսաւ Եէնս Սթոլթենպերկ։