ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Տէր-Պետրոսեանի եւ Քոփիրքինի հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկուկէս ժամ։
Տեսակցութեան ընթացքին շօշափուած են Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկած է Ատրպէյճանէ ներս ի պահ դրուած ռազմագերիներու վերադարձի հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ Սա մեծապէս կը նպաստէ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ հասարակական տրամադրութիւններու բարելաւման եւ տարածքաշրջանային առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղղեալ ապագայ քայլերու յստակեցման։