ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ԿՐԱԿ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՎՐԱՅ

Մարսէյլի մէջ շաբաթավերջին յարձակման ենթարկուեցաւ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնը։ Կիրակի, 24 յունուարին, ժամը 18.40-ին, պատահեցաւ դէպքը։ Մշակոյթի կեդրոնին վրայ կրակ բացուելուն զուգահեռ՝ ղեկավարութիւնը անմիջապէս բողոք ներկայացուց ոստիկանութեան։

Հարկ է նշել, որ այս մշակոյթի կեդրոնը՝ Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր տաճարի հետ նոյն համալիրին մաս կը կազմէ՝ քաղաքի Փրատօ թաղամասէն ներս։

«Սա հայկական ամենախորհրդանշական կեդրոններէն մին է։ Ամէն շաբաթ այս սրահին մէջ աւելի քան 250 երեխայ սորվելու կու գայ։ Վստահ եմ կառավարութիւնը կ՚երաշխաւորէ ապագայ անվտանգ գործունէութիւնը։ Մենք անկոտրում ենք», դէպքէն վերջ յայտնեց Կարէն Խուրշուտեան։ Այս վերջինը խնդրոյ առարկայ մշակոյթի կեդրոնէն ներս գործող «Աբովեան» անուանեալ վարժարանի նախագահն է։

Յարձակումէն վերջ ոստիկանութեան ներկայացուցիչները այցելութեան փութալով ուսումնասիրած են դէպքի վայրը։ Հրազէնի հետեւանքով կոտրած է կեդրոնի երկրորդ յարկի պատուհանը։ Այդ պահուն դաշնամուրի վրայ դասընթացք կ՚ընթանար։ Տուժածներ չկան։

Սոյն մշակոյթի կեդրոնէն ներս, միեւնոյն ժամանակ, հաստատուած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի՝ երկրի հարաւային հատուածներու մասնաճիւղերու կեդրոնակայանը։ Արցախի վերջին պատերազմին ժամանակ այդ կեդրոնին միջոցաւ կը համակարգուէր Մարսէյլէն եւ Ֆրանսայի հարաւային շրջաններէն դէպի Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը։

«Հայերն այսօր»ը սոյն դէպքին արձագանգ հանդիսանալու ժամանակ յիշեցուցած է նաեւ, որ հայկական սփիւռքի զանազան կառոյցներ վերջին շրջանին ենթարկուած վանտալիզմի կամ զանազան յարձակումներու։ Այսպէս, թուարկուած են վերջին շրջանին Պերլինի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փարիզի եւ Տեսինի մէջ պատահած դէպքերը։ Նոյն աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ այդ բոլոր դէպքերուն ներգրաւուած էր «Գորշ քայլեր» թրքական ազգայնական խմբաւորումը, որու գործունէութիւնը կասեցնելու ուղղեալ որոշում մը առնուած է վերջերս Ֆրանսայի մէջ։  

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021