ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչո՞վ հզօր է սրբավայր մը, ի՞նչ է ձգողականութեան գաղտնիքը։ Ճարտարապետական հմայքը՞, դիրքի հրապոյրը՞, առթած պատկառանքը՞... Այս բոլորը կրնան համախմբելու կարողութիւն տալ սրբավայրին, բայց այդքա՞ն միայն։ Նուիրականութիւններու համակարգի մը բարձրեալի հովանին պէտք է մարմնաւորէ ան։ Մէկ կողմէ քաղաքի համայնապատկերին վրայ կ՚առանձնանայ հզօր սրբավայրը, իսկ միւս կողմէ այնքան հեշտ բնութեան հետ կը նոյնանայ՝ հակառակ մարդակերտ ըլլալուն։

Թէ ինչպ՞էս պատկերացուցած էր արդեօք այդ հզօրութիւնը միջնադարուն Տրդատ ճարտարապետը՝ քաղաքի սրտին վրայ, հոյակերտ կոթողի գագաթին նորովի գմբէթի մը զետեղումը երեւակայելու ժամանակ։ Երեւակայութիւն, որ դարերու հոլովոյթին մէջ կը բիւրեղանայ՝ որպէս հրաշագործութիւն...

Չորեքշաբթի, Յունուար 26, 2022