ԸՍՏ ԱԼԻԵՒԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ»Ի ԲԱՑՄԱՆ ՍԿԻԶԲԻՆ ՇՈՒՐՋ
Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Աշտիանի երէկ Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան զարգացումը կարեւոր գործօն մըն է։ Բանակցութիւններու ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ երկու նախարարներու միջեւ ստեղծուած՝ ռազմական համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ համատեղ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։ Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ նաեւ արձանագրութիւն մը։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ տեսաժողովի ձեւաչափով ընդունեց Իրանի Ճանապարհաշինութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Ռուստամ Ղասիմին։ Իրան-Ատրպէյճան տնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի նախագահն է Ղասիմի միեւնոյն ժամանակ։ Այդ զրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ դրական լուրեր կը ստանան «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման սկիզբին շուրջ։ Իրանցի նախարարի ուղղուած խօսքին մէջ Ալիեւ նշած է, որ երէկ ծանօթացած են Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծման վերաբերեալ աշխատանքներուն։ Արդէն թէ՛ ցամաքուղիի եւ թէ երկաթուղիի կառուցումը կ՚ընթանայ յաջողութեամբ։
«Մենք դրական լուրեր կը ստանանք Հայաստանէն։ Հայաստան իր կողմէ կը նախատեսէ սկիզբ տալ այդ աշխատանքներուն։ Կը յուսամ, թէ յետպատերազմեան ժամանակահատուածը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ ամբողջ տարածաշրջանին առջեւ։ Ի հարկէ, Իրանի ներդրումը այդ աշխատանքներուն մէջ շատ նշանակալի է», նշած է Ալիեւ։