ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի վաղը երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Սիսի պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Իր ուղեւորութեան առաջին փուլը պիտի հանդիսանայ Պաքուն, ուրկէ պիտի անցնի Երեւան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Սիսի Երեւանի մէջ կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցը։ Սա երկար սպասուած այցելութիւն մըն է, իրականութեան մէջ, նախաձեռնութիւնն ու հրաւէրը եղած է հայկական կողմէն։ Անցեալ տարուան նոյեմբերին Վահագն Խաչատուրեան այցելած էր Եգիպտոս, ուր Շարմ-Էլ-Շէյխի մէջ մասնակցած էր ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային պայմանագրի 27-րդ խորհրդաժողովին։ Այդ խորհրդաժողովի մթնոլորտին մէջ հասունցած է այս այցին ծրագիրը։

Հարկ է նշել, որ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի ներկայիս կը գտնուի Հնդկաստանի մէջ, ուրկէ կ՚անցնի Հարաւային Կովկաս։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023